Ռումանիոյ մէջ ֆութպոլի մրցումներու ընթացքին նոր պատժամիջոց սահմանուած է` «սեւ քարտ»-ը:
Այս նոր քարտը այժմ կը փորձուի 7-էն 16 տարեկաններու պատանիներու ախոյեանութիւններուն ընթացքին եւ տրամաբանական բացատրութիւն ունի:
Այս քարտը նախատեսուած է ոչ թէ դաշտը գտնուող ֆութպոլիստներուն, այլ` անոնց ծնողներուն համար:
Ռումանիոյ մէջ յաճախ տեղի կ՛ունենան դէպքեր, որոնց ընթացքին իրենց երեխաներու ելոյթներուն հետեւող ծնողները դաշտին մօտ անկարգութիւն կ՛ընեն, երբեմն նոյնիսկ փորձելով դաշտ խուժել եւ իրաւարարներուն ցոյց տալ, թէ «ինչպէ՛ս պէտք է դատեն»:
Ճիշդ այս դէպքերուն համար է, որ ստեղծուած է այս «սեւ քարտ»-ը: Իրաւարարները օրինաւոր քարտ մը ունեցան` զայն շատ ազդուած եւ յարձակողական ծնողներու դէմ օգտագործելու համար:


