Ճորճ Պուշ նախագահն էր… Եւրոն սկսած էր տարածուիլ, եւ Ռոնալտօ Պրազիլի հետ աշխարհի ախոյեան էր: Մօտ 25 տարիներ անցան, եւ այժմ թենիսի աշխարհի «լաւագոյն 3»-էն ոչ մէկը մնաց տղոց դասաւորման լաւագոյն 10-ին մէջ:
39 տարեկան Ճոքովիչ վերջին անդամն է այդ «Պիկ 3»-էն, որ տակաւին կը խաղայ, ան 5-րդ դիրքէն նահանջած է 12-ի, եւ 2002-ի հոկտեմբերէն ի վեր ո՛չ ինք, ո՛չ Ֆետերեր եւ ո՛չ ալ Նատալ կան լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ:
Ֆետերեր եւ Նատալ յաջորդաբար լքեցին թենիսը 2022-ին եւ 2024-ին: Ֆետերեր 41 տարեկան էր, իսկ Նատալ` 38, երբ հեռացան:
Լէյթըն Հուիթ թիւ 1 դիրքը կը գրաւէր 2002-ի հոկտեմբերին, եւ այդ մէկը զգալու համար որքան ժամանակ անցած է: Հուիթի զաւակը` Քրուզ (17 տարեկան), այժմ արհեստավարժ թենիսմեն է:
Ճոքովիչ «Եու. Էս. Օփըն»-ի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրած էր Մարիանօ Նավոնէէն, 15 օրեր առաջ: Վերջին 20 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով էր, որ Ճոքովիչ կրան շլեմի մրցաշարքէ մը դուրս կը մնար առաջին հանգրուանէն: Ան վերջին անգամ 2006-ի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանին պարտուած էր:
«Անցեալին ամէն արձանագրած մրցանիշներէս գոհ եմ, բայց հիմա այս է», ըսած է Ճոքովիչ պարտութենէ ետք:
Նովաք Ճոքովիչի 24 կրան շլեմի տիտղոսները Նատալի 22-էն եւ Ֆետերերի 20-էն աւելի լաւ են անշուշտ:
Ֆետերեր հոկտեմբերի 2002-ին մուտք գործած էր լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ եւ մնացած մինչեւ 2016-ի աւարտը, որուն ընթացքին 237 շաբաթներ թիւ 1 դիրքը գրաւած էր:
Նատալ ապրիլ 2005-ին մուտք գործած էր լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ, երբ սկսած էր խաղալ իբրեւ 18 տարեկան երիտասարդ մը Եւրոպայի հողով ծածկուած դաշտերուն վրայ: Սպանացի թենիսմենը 912 յաջորդական շաբաթներ մնաց լաւագոյն 10-ին ցանկին մէջ, մինչեւ 2023:
Սերպ Նովաք Ճոքովիչ եղած էր «Պիկ 30»-ի վերջին անդամը, որ մտած էր լաւագոյն 10-ին մէջ 2007-ին: Ան 428 շաբաթ (մրցանիշ) մնաց առաջին դիրքին վրայ:
Այժմու լաւագոյն թենիսմեններ Եաննիք Սինըր (Իտալիա) եւ Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) այս տարի կրան շլեմի մրցաշարքերէն բացակայեցան վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով, եւ քանի մը օր առաջ Ալքարաս յայտնեց, որ նպատակ ունի աւելի դադար առնելու յառաջիկայ տարեշրջաններուն: Յստակ չէ, եթէ այս սերունդէն մէկը կրնայ երկար ժամանակ մնալ բարձր դիրքերու վրայ` «Պիկ 3-ին նման:
«Կրցածիս չափ ներկայ եղայ ամէն տեղ», ըսաւ Ֆետերեր վերջերս: Չէի կեդրոնացած միայն կրան շլեմներու վրայ: Կը յիշեմ` Փիսթոլ Փիթ (Սամփրաս) կը խօսէր, որ իր ասպարէզի վերջին մասին աւելի կեդրոնացած էր կրան շլեմի մրցաշարքերուն վրայ, բայց ինծի համար այդպէս չէր: Շատ մրցաշարքերու կը սիրէի եւ կը փափաքէի մասնակցիլ»:
Պէտք է ըսել, որ այս տարի շատ տարբեր էր, քան 2025-ը: Անցեալ տարի Սինըր եւ Ալքարաս 4 կրան շլեմներէն 3-ին աւարտականներուն իրար դէմ մրցեցան, բայց 2026-ին այդպիսի բան չպատահեցաւ:
Ալքարաս բացակայեցաւ Ռոլան Կարոսէն եւ Ուիմպըլտընէն, մինչ Սինըր բացակայեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-էն:
Մինչ Ալքարաս (Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը) եւ Սինըր (Ուիմպըլտըն) շահեցան մէկական կրան շլեմի մրցաշարք, ամէնէն կայուն թենիսմենն էր Ալեքսանտր Զվերեւ, որ Ռոլան Կարոսն ու «Եու. Էս. Օփըն»-ը շահեցաւ` պարտուելով Ուիմպըլտընի աւարտականին եւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի կիսաւարտականին: Տակաւին, Զվերեւ ինքզինք չբացայայտեց իբրեւ լաւագոյն մարզիկ:
«Եթէ բոլորը առողջ ըլլան, կը կարծեմ, որ Եանիք լաւագոյնն է: Այս է իրականութիւնը պարզապէս», ըսաւ գերմանացի թենիսմենը` շահելէ ետք «Եու. Էս. Օփըն»-ը:
Նոր դասաւորման մէջ, Սինըր, Զվերեւ եւ Ալքարաս մնացին Ա., Բ. եւ Գ. դիրքերուն վրայ, մինչ «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտական հասած Պեն Շելթըն բարձրացած դիրքեր եւ այժմ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Աղջկանց պատկերը քիչ մը աւելի յստակ է, ուր Էլենա Ռիպաքինա այս տարի շահեցաւ 4 կրան շլեմի մրցաշարքերէն 2-ը` Աւստրալիոյ եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի մէջ:
Ռիպաքինայի վերջին տիտղոսը զինք բարձրացուց դասաւորման առաջին դիրք` վերջ դնելով Արինա Սապալենքայի 99 շաբաթներու թիւ 1 դիրքի ժամանակաշրջանին:
«Աներեւակայելի սերվիս ունի», ըսաւ Սապալենքա 12 էյսեր ստանալէ ետք Ռիպաքինայէն` «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտականին: «Այդ ձեւը, որով դաշտ կը ներկայանայ եւ Քիզի կը գերազանցէ, մանաւանդ «Եու. Էս. Օփըն»-ի նման արագ մակերեսով դաշտի վրայ, վստահաբար հսկայ առաւելութիւն է»:


