78 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի Արարատի նախկին միջնապահ Սերկէյ Պօղոսեան:
Պօղոսեան Արարատի հետ հանդէս եկած է 1970-էն 1975, եղած է մէկ մասը պատմական ակումբին, որ 1973-ին յաջողութիւններու հասաւ Խորհրդային Միութեան մակարդակով:
Ան 99 ելոյթ ունեցած է Արարատի շապիկով` նշանակելով 6 կոլ: Բացի Արարատէն, ան խաղցած է նաեւ Լենինկրատի Զենիթին եւ Սումկայիթի Պոլադին հետ:
2013-ին Սերկէյ Պօղոսեան պարգեւատրուեցաւ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Ա. աստիճանի մետալով:
Սերկէյ Պօղոսեանի մահով ան միացաւ Արարատ 73 պատմական խումբի մահացած խմբակիցներ Սանասար Գէորգեանին, Ալեքսանտր Քովալենքոյին, Յովհաննէս Զանազանեանին, Ալիոշա Աբրահամեանին, Արկադի Անդրէասեանին, Յովհաննէս Աբրահամեանին, Նիքոլայ Ղազարեանին եւ պատմական մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեանին, որ 23 նոյեմբեր 2025-ին մահացած էր 99 տարեկան հասակին:


