Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգները` Աշխարհի Ախոյեան
Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը դարձաւ աշխարհի ախոյեան` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Ֆրանսային` 97-79 արդիւնքով: Պերլինի (Գերմանիա) մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին, ամերիկացիք 36 յաջորդական մրցումներ յաղթեցին 2006-ի կիսաւարտականէն ի վեր, երբ կրած էին վերջին պարտութիւնը Ռուսիայէն: Պրիանա Սթիւըրթ 22 կէտ նշանակեց` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.»): 5-րդ յաջորդական տիտղոսը այնքան ալ դիւրին չէր: Ֆրանսա կիսախաղէն առաջ...




















