ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի տղոց խումբը երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ 7-1 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Պեքայի ախոյեան Նասր Քամետ Լոզի դէմ եւ այժմ 1 կէտի պէտք ունի իր մնացեալ 2 մրցումներէն բարձրանալու Գ. դասակարգ:
Մրցումը սկսաւ ինչպէս ամէն անգամ զգուշ, եւ ՀՄԸՄ առիթ տուաւ իր մրցակիցին, որ փոխանցումներ կատարէ` անոր վրայ ճնշելու եւ գնդակը անակնկալ ձեւով խլելու համար:
Այս անգամ ալ այդ խաղաոճը յաջողեցաւ, եւ հակայարձակումի մը վրայ Հայտար Հայտար 33-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը հազիւ 8 վայրկեաններ անց եւ խմբապետ Աւագ Պալապանեանի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք:
Մուսա Ամին նշանակեց երկրորդ կոլը: Կիսախաղի սուլիչէն առաջ, ՀՄԸՄ անակնկալ կոլ մը ստացաւ, բայց անմիջապէս Հայտար փոխադարձեց` նշանակելով աւելցուած 4-րդ վայրկեանին:
Կը կարծուէր, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի պիտի դանդաղեցնեն խաղը եւ պահեստի մարզիկներուն հետ ապահով աւարտեն մրցումը: Ամին իր երկրորդ կոլը նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 4-րդը` 55-րդ վայրկեանին, որմէ ետք փոխարինող մարզիկները ներկայացան դաշտ, բայց արդիւնքին կամ մրցումին ընթացքին վրայ բան չփոխուեցաւ: Հայտար (65-րդ), Ճօ Հաշեմ (85-րդ) եւ Ալի Իպրահիմ մրցումի մինչեւ վերջին վայրկեանը ներկաները ուրախացուցին 7 գեղեցիկ կոլեր հրամցնելով:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը տակաւին շատ աւելի լաւ կրնան խաղալ, բայց արդէն պահանջուած արդիւնքը եւ գործը կը կատարեն:
3 մրցումներէ ետք 9 ամբողջական կէտերը շատ լաւ են մեր տղոց համար: Կը կարծուէր, որ հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքար մեր դէմ սուր պայքար պիտի տանէր, բայց երէկ անոնք պարտութիւն կրեցին Ղատիր Հարիսէն` 2-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ 4 կէտեր ունեցող հիւսիսի փոխախոյեան Սաքաֆի Հերին, որ կիրակի օր 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Սաֆա Շուէյֆաթի հետ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սելաաթայի դաշտին վրայ:
Ստորեւ դասաւորումը` 3 հանգրուաններէ ետք.
| ԿԷՏ | |
| 1.- ՀՄԸՄ Պէյրութ | 9 (12-1) |
| 2.- Ղատիր Հարիս | 6 (4-5) |
| 3.- Արապի Աքքար | 4 (5-5) |
| 4.- Սաքաֆի Հերի | 4 (5-5) |
| 5.- Սաֆա Շուէյֆաթ | 2 (4-6) |
| 6.- Նասր Քամետ Լոզ | 0 (3-11) |


