
Ռուսիոյ պասքեթպոլի «գերլիկայի-1»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ուրարտու Երեւան կատարեց իր հինգերորդ մրցումը` ճակատելով Խիմքիի դէմ:
Թէեւ գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի կազմը յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալ, բայց եւ այնպէս չորս կէտի տարբերութեամբ միայն` 68-64 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն, յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով:
Ուրարտուէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արիզոնա Ռէյտ (19), մինչ 14-ական կէտ նշանակեցին Թոտ Օպրայըն, Թերի Սմիթ եւ Ամիրան Ամրիխանով, իսկ մրցակից կազմէն 24 կէտ նշանակեց Ալեքսանտր Մաթվեւ:


