
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի 71-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը մրցումներ:
Նիւ Օրլինզին մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս թէեւ ի նպաստ իր կազմին նշանակեց 50 կէտ, բայց անոր խումբը 5 կէտի տարբերութեամբ` 107-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն:
40 կէտ նշանակելով իր կազմին` Թորոնթօ Ռեփթըրզի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Տեմար Տերոզան, Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (109-91):
Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (103-97) նշանակեց 32 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ | 96-108 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տալաս Մավըրիքս | 130-121 |
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց | 122-117 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 109-91 |
Միլուոքի Պաքս – Շարլոթ Հոռնեթց | 96-107 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 102-98 |
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց | 102-107 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 97-103 |
Ֆէոնիքս Սանզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 94-113 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 120-114 |
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Շիքակօ Պուլզ – Պոսթըն Սելթիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ