Անցնող քանի մը օրերուն շատ կ՛արծարծուի այն նիւթը, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յառաջիկայ յունուարին պիտի հեռանայ իր ակումբէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
Սակայն անգլիական «Միրըր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը որոշեց մնալ «Կարմիր սատանաներուն» հետ եւ պայքարիլ խումբին մէջ իր հիմնական դիրքը ապահովելու համար:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ան այդքան ալ մտահոգ չէ, որ դուրս կը մնայ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հիմնական կազմէն: