Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին միջնապահ Արթուր Եուզպաշեան, որ մաս կը կազմէ կիպրական Անակենիսի խումբին, իրեն խմբակից պիտի ունենայ բերդապահ Արտեոմ Կարապետեանը, կը յայտնէ News.am-Sport:
22 տարեկան բերդապահը նախորդ տարեշրջանին Ս. Փեթերսպուրկի կազմերէն Զվեզտայէն տեղափոխուած էր Միքա Երեւան:
Անակենիսի, որ ելոյթ կ՛ունենայ Կիպրոսի բարձրագոյն դասակարգին մէջ, 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ մէկ կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: