Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, երբ ամբողջացան Դ. հանգրուանի վերջին քանի մը ճակատումները:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 նոյեմբերին:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը (նշենք, որ ութ խումբերն ալ մաս կը կազմեն բարձրագոյն դասակարգին).
Լիվըրփուլ – Լիծ Եունայթըտ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուեսթ Համ
Հալ Սիթի – Նիւքասըլ
Արսենալ – Սաութհեմփթըն