Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ենիսէյ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սիպիրէն` երկարաձգման ընթացքին:
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, 27 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստ Արթուր Մանոյեան տպաւորիչ մրցում մը ներկայացուց եւ նշանակեց կոլ մը` 91-րդ վայրկեանին:
Իսկ յաղթական կազմին մարզիկներէն 21 տարեկան միջնապահ Արայիկ Յովսէփեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 105-րդ վայրկեանին դարձաւ յաղթական կոլի փոխանցման հեղինակ:


