Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ երէկ հանդիսացաւ չորրորդ եւ վերջին խումբը, որ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` յաղթելէ ետք Պիպլոսին, 88-76 արդիւնքով (28-23, 18-15, 24-10 եւ 18-18):
Այժմ կը մնայ գիտնալ, թէ ո՛ր խումբերը պիտի գրաւեն Ա. եւ Բ. խմբակներուն դիրքերը (այսօր եւ վաղը):
Նշենք, որ այս մրցումին Պիպլոս դաշտ ներկայացուց Սթիւըն Ռաունտըթրին (Նտուտի Իպիի փոխարէն), որ այդքան ալ իրմէ ակնկալուածը չտուաւ:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Տուայն Ճեքսըն, որ նշանակեց 35 կէտ, մինչ անոր խմբակից Մաժուք Աթեր եւ Մայք Թէյլըր` 18-ական կէտ: Պիպլոսէն Քլէյ Թոքըր նշանակեց 22 կէտ, մինչ Տարիուս Հարկրուվ` 18 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի (Լիբանան) եւ Ուաէլ Թալեպ (Պահրէյն):