Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 2017-ի ամրան Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի տարիքային 4 ախոյեանութիւններու:
Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան պիտի մասնակցի Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը:
18 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը կը մասնակցի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Աղջկանց 16 եւ 18 տարեկանէն վար հաւաքականները կը մասնակցին Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 դեկտեմբերին, Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ: