14-27 նոյեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, Աբովեանի մէջ կը պատրաստուի այս ախոյեանութեան:
Հաւաքականին այս հաւաքին ներկայիս մաս կը կազմեն 14 կռփամարտիկներ, որոնց կարգին Անուշ Գրիգորեան, որ կը պատրաստուի 14-24 նոյեմբերին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք մեծ աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութեան:
«Նիուզ-սփոր», որ հաղորդած է լուրը, կը նշէ, թէ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 7 մարզիկներ, որոնց անունները պիտի հրապարակուին հետագային: