Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, մարմնամարզութեան մրցումներուն Հայաստանը ներկայացուցած Հուրի Գեբեշեանի անունը յայտնուեցաւ «Ինսայտ Ճիմնասթիքս-ին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան թեկնածուներուն ցանկին մէջ:
Մարմնամարզութեան մարզաձեւերը լուսաբանող պարբերաթերթը Գեբեշեանը նկատած է իբրեւ «սիրուած արտասահմանցի մարմնամարզուհի»:
Գեբեշեանի անուանաթիւը 27-րդն է: Քուէարկութեան արդիւնքները պիտի ամփոփուին պարբերաթերթի դեկտեմբերի թիւին մէջ: