
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մէկ մրցումուվ կախակայեց եւ 58 հազար փաունտ (71 հազար ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն:
Պառնլիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումին, օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Մարք Քլաթենպուրկ, կարմիր քարտ մը տուաւ Մուրինիոյին, որ դժգոհ մնացած էր անկէ` իր կազմին ի նպաստ փենալթի մը չսուլած ըլլալուն համար:
Զայրացած Մուրինիօ «ծանր» լեզու գործածած էր իրաւարարին հասցէին եւ վտարուած դաշտէն` դէպի թրիպիւն:
Ան իր այդ քայլին համար 8 հազար փաունտ տուգանքի ենթարկուած էր: Իսկ 50 հազար փաունտի տուգանքի պատիժը ստացաւ Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարար Անթոնի Թէյլըրը անարգելու եւ անոր հասցէին նախատական խօսքեր ըսելուն համար:
Նշենք, որ 6 նոյեմբերին ան Սուանզիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին իր մարզիկներուն ցուցմունքներ պիտի տայ թրիպիւնէն:


