Երեւանի Ուրարտու տղոց պասքեթպոլի ակումբը երէկ կրեց իր 6-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ ռուսական Իրքուցք ակումբէն` 79-63 արդիւնքով:
Այս մրցումը մաս կը կազմէ Ռուսիոյ Սուփըր-լիկա-1-ի տղոց ախոյեանութեան:
Նշենք, որ հայկական նորաստեղծ ակումբը իր այս մրցումը կատարեց մայրաքաղաքի Միքա մարզահամալիրին մէջ: