Երէկ` ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, Շիահի մարզադաշտին վրայ սկսաւ Հանրի Շալհուպի անուան 2-րդ տեղական մրցաշարքը` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի 8 ակումբներու:
Մրցաշարքէն կը բացակային Ռիատի եւ Սաժես:
Բացման մրցումին Թատամոն 77-64 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին:
Ապա այս մրցումին յաջորդեց Շանվիլ – Պիպլոս ճակճատումը: Անիկա աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 78-73 արդիւնքով: Նշենք, որ Պիպլոս տիտղոսակիրն է:
Երրորդ մրցումին ՀՄԸՄ, որ ճակատեցաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Մէյրուպայի դէմ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 94-67 արդիւնքով (11-31, 34-49, 47-69 եւ 67-94):
Հուսամէտտին Հարիրիի մրցաշարքէն բացակայած (կախակայուած ըլլալուն պատճառով` Սաժեսի հետ) Հայկ Կէօքճեան նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը` 17: Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 15 կէտ, Մայք Թէյլըր` 14, իսկ Աթեր Մաժոք` 11:
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ մրցումին ղեկը իր ձեռքը առաւ, խումբի մարզիչ Ճօ Մուժահես վերջին քորթըրին մեծ մասը դաշտ ներկայացուց իր պահեստի մարզիկները: Այդ միջոցին բաւական տպաւորիչ ներկայացումներ ունեցան Սիմոն Օհանեան (2 կէտ), Փաուլօ Պետիկեան (4 կէտ) եւ Դաւիթ Պաղտատեան:
Մրցումին լաւագոյն ռիպաունտըրը եղաւ Աթեր Մաճոք (13):
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք դաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած են քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
ՀՄԸՄ – Թատամոն | 16:00 |
Մութթահետ – Մէյրուպա | 18:30 |
ՎԱՂԸ | |
Պիպոս – Լուէյզի | 16:00 |
Հուփս – Շանվիլ | 18:30 |