Չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2016-ին, «Հոլիտէյ Ին-Տիւն» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ներկայութեամբ` 18 ակումբներու (ընդամէնը` 24 ակումբներէ) ներկայացուցիչներուն, որոնք իրաւունք ունին քուէարկելու:
Այս ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալի Հազեր:
Ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմ խօսք առնելով ըսաւ, որ նախկին ֆետերասիոնը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործումներ կատարել` միշտ ալ նպատակ ունենալով ճատրակի մարզը յառաջ մղել եւ ուժ տալ անոր, որպէսզի անիկա բոլորին համար ըլլայ մատչելի:
Ապա յայտարարուեցան այն 14 թեկնածուներուն անունները, որոնք ընտրութեամբ պիտի պայքարէին 12 աթոռի համար:
Սակայն նկատի ունենալով, որ Հանի Միքաթի եւ Էլիաս Ապու Ժաուտէ, իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեցին, 12 անձեր ինքնաբերաբար իբրեւ նոր ֆետերասիոնի անդամ ընտրուած նկատուեցան` մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով:
Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը` Աւետիս Թիւթիւնճեան ընտրուեցաւ փոխնախագահ:
Ստորեւ` կու տանք նոր ֆետերասիոնին կազմը, որ պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին.
Իզզաթ Քրայթեմ (նախագահ), Աւետիս Թիւթիւնճեան (փոխնախագահ), Շըհատէ Ապու Նըմրի (ընդհանուր քարտուղար), Նազարէթ Սէօքիւնեան (գանձապահ), Հապիպ Խալիլ (հաշուապահ), Էլի Խէյրալլա, Խալետ Պատիհ, Ալի Ժաուիշ, Ուալիտ Սալեհ, Հիւսէյն Համմուտ եւ Ալի Շահրուր (խորհրդականներ):