Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Մես-Լիոն Լիկ-1-ի մրցումը (16-րդ հանգրուան) մնաց կիսատ` նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ կազմին համակիրները պայթուցիկ նիւթեր նետեցին Լիոնի փորթուգալցի բերդապահ` Անթոնի Լոփեսի վրայ:
Լիոնի կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ բժիշկները տեղեկացուցին, որ Լոփես այժմ լսողութեան հարցեր ունի եւ կարիք ունի երկու շաբթուան բուժումի` ապագային այլ բարդոյթներ չդիմագրաւելու համար:
Այդ պատահածէն ետք, Լիոնի մարզիկները դաշտը լքելով մրցումը չէին շարունակած, մինչ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւններու սկսաւ: