Ինչպէս ծանօթ է, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Աքրամ Հալապի պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը նախագահի պաշտօնին համար:
Նկատի ունենալով, որ համաձայնութիւն չգոյացաւ համախոհական ցանկ մը կազմելու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Փիեռ Քահիա իր կարգին երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, պաշտօնապէս առաջադրելու նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու իր ցանկակիցները: