Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 4 մրցումով կախակայուեցաւ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանին, պրազիլցի Տաւիտ Լուիսի դէմ իր կոշտ խաղարկութեան պատճառով, որուն իբրեւ հետեւանք կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ան պիտի բացակայի Լայսթըր Սիթիի, Ուաթֆորտի, Արսենալի եւ Հալ Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:
Իր կարգին, կախակայուեցաւ Սիթիի անոր պրազիլցի խմբակիցը, պրազիլցի միջնապահ` Ֆերնանտինիօ (3 մրցումով), որ նոյն այդ մրցումին, հրելէ ետք Չելսիի սպանացի միջնապահ Սեսք Ֆապրեկասին, կարմիր քարտ մը ստացած էր: