Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 20 եւ 23 տարեկանէն վար երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին:
20 տարեկանէն վար 77 քկ դասակարգին մէջ, Դաւիթ Յովհաննիսեան բարձրացնելով ընդամէնը 326 քկ (149+177), հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
23 տարեկանէն վար, Սմբատ Մարգարեան (56 քկ) գրաւեց 6-րդ դիրքը, մինչ Իզապելլա Եալեան (58 քկ)` 5-րդ դիրքը, Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, կը տեղեկացնէ News.am-Sport կայքը: