Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը 2016 տարեշրջանը աւարտեց Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Թանմիա Պէյրութ ակումբին մէջ (Քասքասի շրջան):
Ֆայսալ Խէյրալլա հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` ապահովելով 8,5 կէտ: 41 տարեկան Խէյրալլա 8-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ ախոյեան:
2-րդ դիրքը գրաւեց Ամրօ Ժաուիշ (7,5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Ահմետ Նաժժար (7,5 կէտ):
Ուշագրաւ եղաւ այս ախոյեանութեան Ճիօ Գալուստի (13 տարեկան) մասնակցութիւնը, որ բաւական տպաւորիչ եւ լաւ ներկայացում ունենալով ապահովեց 3 կէտ:
Նշենք, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար ստացան 1000, 750 եւ 500 ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 ճատրակ խաղացողներ: