Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած Սարմիենթօ – Սանսինենա մրցումին ընթացքին օրուան կեդրոնի իրաւարարը յարձակումի ենթարկուեցաւ հիւրընկալ կազմին մարզիկներուն եւ անոր համակիրներուն կողմէ:
Սարմիենթոյի մարզիկներն ու համակիրները մեծապէս զայրացան, երբ իրաւարարը իրենց կազմին ի նպաստ փենալթի մը չսուլեց, որմէ ետք հիւր կազմը հակայարձակումով մը կոլ նշանակեց:
Այս միջադէպէն ետք մրցումը ընդհատուեցաւ եւ իրաւարարը, ոստիկաններուն հսկողութեան տակ, դաշտէն դուրս բերուեցաւ: