
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հուփս այս անգամ իր հիւրէն Մութթահետէն, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 82-74 արդիւնքով:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Հուփս պարտուած էր Թատամոնէն (93-86), մինչ Մութթահետ, պարտուած էր Պիպլոսէն, 83-78 արդիւնքով:
Այսօր Շանվիլ իր դաշտին վրայ կը կատարէ յաջորդական իր երկրորդ մրցումը` հիւրընկալելով Լուէյզին, ժամը 21:40-ին:
Իր առաջին մրցումին, Շանվիլ յաղթեց Ռիատիի (83-70), մինչ Լուէյզի պարտուեցաւ ՀՄԸՄ-էն (75-72):


