Հիւանդանոցային, Դեղորայքի Եւ Այլ Կարիքներու`
3 Միլիառ 608 Միլիոն Լ. Ոսկիի Յատկացում, 3494 Պարագայի
Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, իր ընթացիկ աշխատանքներուն կողքին, 2022-ի յունուարէն մինչեւ դեկտեմբեր, անկախ «Արտակարգ
իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ»-էն, կատարած է մեծագումար յատկացումներ` հետեւեալ բաժանումներով.
– Դեղորայքի դիմում` 1242 պարագայ:
– Այլ օժանդակութիւններու դիմում` 612 պարագայ:
Դիմողներու ընդհանուր թիւ` 3494:
Գրասենեակին դիմած առողջապահական եւ այլ կարիքներու համար մեր հայրենակիցներուն կատարուած է 2 միլիառ 364 միլիոն լ. ոսկիի նիւթական օժանդակութիւն:
Դեղորայքի մարզին մէջ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող տարեշրջանին եռամսեայ դրութեամբ դեղորայք տրամադրած է Մեթնի
շրջանի չորս հիւանդանոցներու, որոնք առաւելագոյն համեմատութեամբ հայ հիւանդներ ընդունած են:
Յատկացուած դեղերու ընդհանուր փոխարժէքը եղած է 1 միլիառ 244 միլիոն լ. ոսկի:
Երեսփոխանական Գրասենեակը Ընդունած Է
4289 Դիմում Եւ Գոհացում Տուած Է 4156 Պարագայի
Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը 2022-ի յունուարէն դեկտեմբեր երկարող տարեշրջանին, անկախ իր կատարած նիւթական յատկացումներէն, շարունակեց զանազան հարցերով իրեն դիմած հայրենակիցներուն խնդիրներու լուծման օգտակար հանդիսանալ` պետական եւ այլ հաստատութիւններու մօտ անհրաժեշտ միջամտութիւններ կատարելով:
Առողջապահական, պաշտպանութեան, ուժանիւթի եւ ջուրի, ելեւմուտքի, արտաքին գործոց, ներքին գործոց, աշխատանքի, զբօսաշրջութեան, հաղորդակցութեան, կրթութեան, արդարութեան եւ բնակարանային հարցերու նախարարութեանց առնչուած 844 դիմումներէն 802 պարագայի հարցերը լուծուած են:
Ընկերային ապահովութեան ազգային սնտուկի, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրինութեան, ապահովական կառոյցներու, ոստիկանատուներու, թաղային վէճերու, դեսպանատուներու, քաղաքապետութիւններու առնչուած 2042 դիմումէն լուծուած են 1981 հարցեր:
Հիւանդանոցային հարցերու, դեղորայքի, դրամատնային մարզի, դպրոցներու եւ համալսարաններու, գործի դիմումներու, ելեկտրածին շարժակներու 648 դիմումէն անհրաժեշտ միջամտութեամբ գոհացում տուած է 612 պարագայի:
Դատական, օրինական եւ այլ հարցերու խորհրդակցութիւն կատարուած է 442 պարագայի:
Երեսփոխաններու եւ նախարարի ճամբով 313 հարցեր լուծուած են:
Այլ խօսքով` երեսփոխանական գրասենեակը անցնող տարեշրջանին ընդունած է 4289 դիմում եւ յաջողած է ընդառաջել ու բարւօք լուծում ապահովել 4156 պարագայի:
Այս կը նշանակէ, թէ երեսփոխանական գրասենեակը իրեն եղած դիմումներուն 96.9 առ հարիւրին գոհացում տուած է: