Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց կաթողիկոսանիստ վանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող այժմէական հարցեր, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական տագնապը եւ նախագահի ընտրութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը մասնաւորաբար քաղաքական ու տնտեսական մարզերուն մէջ:


