Լոյս Տեսաւ 2023-ի
Եկեղեցական Օրացոյցը
Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2023 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը:
Եկեղեցական օրացոյցը կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ:
Օրացոյցի սկզբնաւորութեան, հայրապետական պաշտօնական լուսանկարէն ետք, տեղադրուած են` «Աղբիւր կենաց» շարականը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, համառօտագրութիւններ ու ծանօթագրութիւններ, ս. պսակի խորհրդակատարութեան համար արգիլուած օրերու եւ եկեղեցական տօներու ցանկերը:
Օրացոյցի աւարտին, «Մաղթերգ հայրապետական»-էն ետք, զետեղուած են` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան եւ դպրեվանքի ուսանողութեան անուանացանկերը, թեմերը ու անոնց հասցէակապերը, կաթողիկոսարանի վարչական կառոյցին մաս կազմող մարմիններու պատկերը, դպրեվանքի ուսուցչական կազմին եւ կաթողիկոսարանի ու դպրեվանքի պաշտօնէութեան անուանացանկը:
Նշենք, որ եկեղեցական օրացոյցը պատրաստեց Պսակ վրդ. Թէփիրճեանը:
Քաջալերելի է, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ունենայ այս օրացոյցը` իբրեւ ուղեցոյց իր հոգեւոր կեանքին:
Օրացոյցը կրնաք գնել այցելելով կաթողիկոսարանի գրատուն կամ կայքէջ` www.ciliciabookstore.com:
Արամ Ա. Կաթողիկոսին «Հայ Եկեղեցին» Խորագրեալ
Անգլերէն Գիրքը Թարգմանուեցաւ Գերմաներէնի
2017 թուականին Արամ Ա. վեհափառին հեղինակած «The Armenian Church» («Հայ եկեղեցին») անգլերէն հատորը անցնող տարիներուն յաջորդաբար թարգմանուեցաւ արաբերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ ֆրանսերէնի. իսկ շաբաթ մը առաջ հրատարակուեցաւ անոր գերմաներէն թարգմանութիւնը` Paulinus-Verlag (Edition Cardo) հրատարակչական ընկերութեան կողմէ: Այս հատորը նաեւ կաթողիկոսարանի գրատան կողմէ շուտով պիտի ներկայացուի ընթերցասէր հասարակութեան:
Յայտնենք, որ կաթողիկոսին լայն տարածում գտած վերոնշեալ գիրքին յունարէն եւ չինարէն թարգմանութիւնները ընթացքի մէջ են:
«Մաշտոց»-ի Չորրորդ Հրատարակութիւնը
Լոյս Տեսաւ
Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Հայ եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց գիրքը (ծիսարան)` «Մաշտոց»-ը, քննարկուած ու վերստին կարգաւորուած կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին կողմէ, համաձայն Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ սրբազան կանոններուն ու աւանդութեանց:
Շուրջ 400 էջերու մէջ զետեղուած են եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց կանոնները` տաճար ընծայման, ս. մկրտութեան եւ ս. դրոշմի, ս. պսակի, թաղման, աղօրհնէքի, ջրօրհնէքի, նոր գործատեղի-բնակարանի, պատանի օրհնելու եւ ուխտի մազ կտրելու եւ այլն… Այս կանոններուն առընթեր նաեւ կը գտնենք այլ յատուկ կանոններ ու աղօթքներ (երաշտի, դիւահարներու եւ լուսնոտներու, ջրհոր օրհնելու, արտ, սերմնացու, արմտիք եւ հնձան օրհնելու, եկեղեցական զգեստ, սպաս, գիրք եւ սկիհ օրհնելու): Նկատառելի է յատկանշական երկու երեւոյթ. ա) աղօթքներու ու շարականներու գրաբար բնագրի կողքին տեղադրուած է աշխարհաբար տարբերակը, եւ բ) բոլոր շարականները ներկայացուած են եւրոպական նոթագրութեամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին սկզբնաւորութեան տեղադրուած հայրապետական տնօրինման գիրը.
«Հոգեկան գոհունակութեամբ հրատարակութեան կը յանձնենք ՄԱՇՏՈՑ-ի վերատեսեալ ներկայ օրինակը:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնական ժողովին կողմէ 1988 թուականին որոշ յապաւումներով ու վերադասաւորումով, ինչպէս նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութեամբ հրատարակուած էր ՄԱՇՏՈՑ-ը:
«Անցնող տարիներու ընթացքին մեր Սուրբ Աթոռի թեմերէն ներս հայրապետական տնօրինումով գործադրութեան դրուեցաւ յիշեալ հրատարակութիւնը` թէ՛ մեր հոգեւորականներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին մօտ մեծապէս դրական արձագանգ գտնելով:
«Նկատի ունենալով, որ 1988-ի հրատարակուած ՄԱՇՏՈՑ-ը սպառած է, եւ միւս կողմէ, նկատի ունենալով յիշեալ թարգմանութեան մէջ նկատուած կարգ մը փոքր յստակացումները, Մեր թելադրութեամբ Կրօնական ժողովը անհրաժեշտ յստակացումները եւ սրբագրութիւնները կատարեց: Այս առիթով Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Կրօնական ժողովի անդամներուն:
«Ներկայ հատորին մէջ ներառուած են 2014-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ երկու վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ լայնօրէն քննարկուած եւ վեհափառ հայրապետներուն կողմէ վաւերացուած սուրբ մկրտութեան եւ սուրբ դրոշմի կանոններու բնագիրները:
«Այսու հայրապետական գրով կը հրահանգենք Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բոլոր թեմերուն մէջ սուրբ մկրտութեան եւ սուրբ դրոշմի խորհուրդներուն վերոյիշեալ վերակարգաւորեալ բնագիրներու գործածութիւնը:
«Անհրաժեշտ է, որ մեր հոգեւորականները յատուկ հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեն խորհրդակատարութիւններու հետեւողական ու բծախնդիր կատարման մէջ:
«Վստահ ենք, որ բարեփոխեալ եւ վերադասաւորումի ենթարկուած ներկայ հրատարակութիւնը, իր աշխարհաբար թարգմանութեամբ, առիթ պիտի ընծայէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակից եւ հաղորդակից դառնալու ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու յատկապէս խորհրդակատարութիւններուն, որոնք էական բաժինը կը կազմեն եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան»:
«Մաշտոց»-ը կարելի է ապահովել կաթողիկոսարանի գրատունէն եւ կամ ապսպրել առցանց` այցելելով գրատան կայքէջ www.ciliciabookstore.com :