Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կատարել Թղթակցութիւն Մը» Եղաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթը

February 25, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ հետեւեցան լրագրութեան ժանրերէն ամէնէն հիմնականը նկատուող թղթակցութեան ժանրին:

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան Ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այս նիւթը` մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց:

Ն. Բարսեղեան նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ թղթակիցին պատշաճութեան, ներկայացուցած կառոյցին հանդէպ յարգանք պարտադրելու վարուելակերպին եւ որեւէ ձեռնարկի պատրաստուած երթալու կարեւորութեան վրայ:

Ապա ան` իր անձնական փորձառութեան եւ լրագրութեան ու թղթակցութիւնը կատարելու եղանակներուն արձանագրած հոլովոյթին ընդմէջէն Ապագայ լրագրողներուն սորվեցուց թղթակցութիւնը կատարելու թեքնիքները, եւ անոնց յանձնեց ամբողջական, յաջող, ձեռնարկի մը ընթացքին տիրող մթնոլորտը հարազատութեամբ փոխանցելու բոլոր բանալիները:

Պատասխանատու խմբագիրը անդրադարձաւ նաեւ որոշ նրբութիւններու, որոնք կը վերաբերին թղթակցութիւնը պատրաստելու ուղղութիւններուն եւ ձեւերուն:

Ապագայ լրագրողները երէկուան հանդիպումին ընթացքին կարդացին նաեւ տարբեր տեսակի թղթակցութիւններու օրինակներ, իրենց հարցումներով աւելի եւս խորացան թղթակցութիւն մը պատրաստելու աշխատանքի ծալքերուն մէջ եւ դասընթացքը դարձուցին ներգործօն:

Հանդիպումին աւարտին Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ յօդուածագրութեան որոշ ժանրերուն` քաջալերելով Ապագայ լրագրողները, որ քաջաբար ըսեն իրենց կեցուածքն ու տեսակէտները, անվախ ըլլան հայերէնով արտայայտելու իրենց միտքերը`  ընդգծելով, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը միշտ ալ իր նեցուկը պիտի տրամադրէ անոնց` ուղղելու, սրբագրելու եւ անոնց գրելու հմտութիւնները կատարելագործելու ուղղութեամբ:

Նախորդը

Դրամատուներու Միութիւնը Մէկ Շաբաթով Ջնջեց Իր Գործադուլը` Ընդառաջելով Միքաթիի Փափաքին

Յաջորդը

Երեւան Եւ Պաքու Արձագանգած Են Լա Հէյի Դատարանի Որոշումներուն

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.