Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ
Տարուող Մարդասիրական Աշխատանքները
Հինգշաբթի, 9 փետրուար 2023-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութիւնը այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` գլխաւորութեամբ հաստատութեան տեսուչ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի: Հայր սուրբն ու խնամակալութիւնը լայն զեկոյց տուին կաթողիկոսին` հաստատութեան մէջ իրագործուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Ողջունելով տեսուչն ու խնամակալութիւնը` վեհափառ կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն: Հայրապետը ըսաւ. «Թռչնոց բոյն»-ը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ ան նախախնամական մեծ գործ կատարած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի գլխաւորութեամբ, խնամելով հազարաւոր հայ որբեր: Այդ որբերէն շատեր իրենց խնամքն ու դաստիարակութիւնը ստանալով «Թռչնոց բոյն»-էն ներս` գործօն ներկայութիւն դարձած են մեր կեանքին մէջ` կազմելով ընտանիք եւ դառնալով ուսուցիչ ու հոգեւորական, մտաւորական ու ազգային գործիչ: Այսօր նոյն դերակատարութիւնը կը շարունակէ «Թռչնոց բոյն»-ը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անմիջական խնամքին տակ»:
Այս առիթով Արամ Ա. իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց «Թռչնոց բոյն»-ի բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք նոյնիսկ Ամերիկայի ու Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերէն իրենց լուման կը դնեն հաստատութեան ծառայութեան գանձանակին մէջ: Ան նաեւ գնահատեց «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ ծառայող ուսուցիչները եւ փոքրիկները խնամող մայրիկները, որոնք հայր սուրբին գլխաւորութեամբ լծուած են նուիրական առաքելութեան:
Հոգեհանգիստ` Վասն Հոգւոցն Երանաշնորհ Հայրապետացն
Սրբոյ Աթոռոյս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար ամբողջ կեանք մը նուիրած մեր կղերական հայրերուն յիշատակը անթառամ կը պահենք միշտ` վերյիշելով անոնց կատարած ծառայութիւններն ու սխրագործութիւնները, մանաւանդ` արտակարգ ու աղէտալի պայմաններու տակ: Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետին յիշատակութեան կիրակիին, փետրուար ամսու երկրորդ շաբաթը, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբան հայրերու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի հիւսիսակողմը գտնուող Զարեհեան յուշարձան-դամբարանին մէջ:
Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 12 փետրուար 2023-ի առաւօտուն մատուցուած յաւարտ ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Զարեհեան յուշարձան-դամբարան, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն` վասն հանգուցեալ հոգւոցն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետական Սրբոյ Աթոռոյս երջանկայիշատակ հայրապետացն եւ լուսահոգի միաբանիցն:
Հաւաքական այս հոգեհանգիստը առիթ կը հանդիսանայ մեր եկեղեցական դասուն` վերանորոգելու ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու իր ուխտը եւ արծարծ պահելու եկեղեցական, մշակութային ու ազգային գործունէութեամբ հայկական ինքնութիւնը կենդանի պահած մեր բարեյիշատակ կղերականներուն կատարած ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի
Սուրիոյ Ժողովուրդին Զօրակցող Հաւաքին
Ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող եւ արգելափակումները դատապարտող հաւաք մը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային տեղեկատուական կառոյցին եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններուն: Հաւաքին ներկայ էին` Լիբանանի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Առաքել աբղ. Գատէհճեան: Այս առիթով Սարգիս վարդապետը արաբերէն լեզուով արտասանեց զօրակցական խօսք եւ ցաւակցութիւն յայտնեց երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն ու շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն:
Համագործակցութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Եւ Հայաստանի Ազգային Արխիւին Միջեւ
Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով, անցնող տարիներուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին միջեւ համագործակցութեան յաջող փորձ կատարուած է: Այս գործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ արդիւնաւորելու հեռանկարով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին մէջ երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւին միջեւ «Փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր»-ի ստորագրութեան եւ յանձնումի արարողութիւն:
Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային արխիւի ներկայացուցիչներ` Սերգէյ Սարուխանեան (Ա. տեղակալ) եւ Գոհար Աւագեան (տնօրէնի խորհրդական) եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսութեան արխիւատան տեսուչ Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան կատարեցին յուշագիրի ստորագրումն ու փոխանցումը, որ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ: Անոնք նաեւ ներկայացան վեհափառ հայրապետին` ստանալու օրհնութիւն, եւ այս առիթով հայրապետը իր գնահատանքին կողքին, կարեւորեց ազգային հարստութիւն համարուող արխիւներու թուայնացման եւ օգտագործման խնդիրը:
Համագործակցութեան բարձր տրամադրութեամբ մեր հայրենակիցները վերադարձան Երեւան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի
Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու
Աստուածաբանական Երկխօսութեան
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբը իր 19-րդ նիստը գումարեց 30 յունուարէն 5 փետրուար 2023-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանը:
Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ` Ս. Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ դաստիարակութեան եւ կեանքին առաքելութեան ընդմէջէն:
Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցան յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը` Վատիկան: