Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան ժողովրդային տօնակատարութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Աբէլեան, որ յիշելով տօնակատարութեան երեք առիթները` ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի գոյապայքարի հիմնական գրաւականներէն ամենափաստացին Վարդանանց պատերազմն է, որուն ընթացքին հայ ազգը կառչած մնաց քրիստոնէական դարաւոր հաւատքի արմատներուն: Վարդանանց պատերազմին հետ նաեւ կը նշենք Փետրուարեան ապստամբութիւնը. երբ պոլշեւիկները վերագրաւեցին Երեւանը, հայ ժողովուրդը ոտքի ելաւ իբրեւ մէկ բռունցք` ընդդէմ սպիտակ թուրքին, որպէսզի տէր կանգնի իր իրաւունքներուն»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի յանդուգն ժողովուրդին, որ 65 օրերէ ի վեր շրջափակուած է թշնամի ազերիներուն կողմէ, եւ դէմ է լքելու իր պապենական հողերը: Իր խօսքը աւարտելով` ան ըսաւ. «Այսօր հայութիւնը ոտքի կանգնած` կենաց մահու պայքար կը մղէ յանուն Արցախի, յանուն մեր դարաւոր սուրբ հողին եւ մեծ հաւատքով կը սպասէ մեր նոր արշալոյսներու ծագման»:
Օրուան առաջին պատգամը յղեց վերապատուելի Նշան Պագգալեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հերոսի կերպարը եւ նշեց, որ Վարդանանց պատերազմի գերագոյն անձը Յիսուսն է, հերոսներ են Վարդանանցի մեծանուն առաջնորդները, բայց բուն հերոսները, ապա մղիչ ուժը այդ հաւատամարտին` ժողովո՛ւրդն էր: «Ժողովո՛ւրդն էր, որ կառչած էր Քրիստոսի: Ժողովո՛ւրդն էր, որ ակնկալեց, որ իր առաջնորդները հաստատ մնան քրիստոնէական հաւատքին վրայ: Ժողովո՛ւրդը, որ յետոյ հաշիւ պահանջեց իր իշխաններէն` պարսից թագաւորին առջեւ իրենց ուրացումին համար: Այդ անանուն բազմութիւնն է այսօրուան հերոսները»:
Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ բազմաճակատ է մեր պայքարը, բայց ամէն բանէ առաջ մենք` բոլո՛րս ձեռք պիտի ձգենք, պահպանենք եւ հարստացնենք մեր ազգային ու մշակութային գանձերը: «Պէտք է հաղորդակցինք, ստեղծագործենք եւ պաշտենք հայ բարբառով: Այստեղէն կը սկսի մեր միասնական ուժի կերտումը: Մեծ հարցերով զբաղող ըլլայ կամ ոչ, մենք անիկա պէտք չէ պատրուակ բռնենք մե՛ր առօրեայ պայքարէն փախուստ տալու համար: Պէտք չէ ակնկալենք, որ դպրոցը, եկեղեցին, միութիւնը կամ ակումբը ընէ այն, ինչ որ իւրաքանչիւր հայուն պարտքը, պարտականութիւնն ու պատիւն է` ապրիլ իբրեւ հայ ե՛ւ քրիստոնեայ: Ապրիլ ուրիշներու հետ եւ ուրիշներու առջեւ` առանց ամչնալու, որ հայ ենք: Քրիստոս կանչած է մեզ Աստուծոյ մօտ քալելով` յոյս ցոլացնել, ողորմած եւ գթած ըլլալ զրկուածներուն եւ տառապեալներուն հանդէպ եւ չմոռնալ իր հրամանը, որ բարիով եւ ի՛ր սիրով յաղթահարենք ամէն տեսակ չարութիւն», ըսաւ ան:
Աւարտին վերապատուելի Նշան Պագգալեան շեշտեց. «Հայ ժողովուրդը այսօր պէտք ունի այսպիսի հերոսներու, ձեզի եւ ինծի պէս, շրջափակումի՛ անարդարութիւններու, երկրաշարժի՛ ողբերգութիւններու, տնտեսական անկումի՛, բարոյական քայքայումի՛ եւ ազգային այլասերումի՛ դէմ կռուելու: Մեր ազգին սիրոյն եւ մեր շրջապատին սիրոյն` ըլլանք այնպիսի ազգ մը եւ այնպիսի անհատներ, որ մինչեւ վերջին փողին ձայնը լսուի, Տէրոջը տուած կոչումով պիտի յառաջանայ»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Այնճարի երկու վարժարաններու աշակերտներ:
Ապա իր պատգամը յղեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ յիշելէ ետք հայոց պատմութեան սկիզբը, հայկական չորս իշխանական հարստութիւնները, ըսաւ. «Հայոց պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանը Կիլիկիոյ անկումէն ետք էր (1375 – 1918 մայիս 18): 543 տարի յետոյ մեր ժողովուրդը վերականգնեց իր պետականութիւնը եւ ստեղծեց հայոց ազատ, անկախ Հայաստանը: 2 դեկտեմբեր 1920-էն ետք, հակառակ կնքուած համաձայնագիրին, հալածանքներ սկսան անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան դէմ, սպաներ աքսորուեցան, քաղաքական, մտաւորական մարդիկ ձերբակալուեցան եւ սկսաւ ժողովուրդի կեղեքումը` հասնելով փետրուար 1921: Հայաստանի ղեկավարները բանտարկուեցան սպաննուեցան, ամէն բան սկսաւ գրաւուիլ: 18 փետրուար 1921-ին ժողովուրդը ոտքի ելաւ անգամ մը եւս մայրաքաղաքը եւ շրջակայքը իր տիրապետութեան տակ առնելով, եւ ինչպէս էր անկախութեան ատեն, նոյնն էր նաեւ հոս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ: 43 օր Հայաստանը անկախ դարձաւ, բայց Կարմիր բանակը շատ հզօր էր եւ մեծ ճնշումներ կատարեց. մեր ղեկավարութիւնը, Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ, Արաքսի վրայով անցաւ դէպի Պարսկաստան: Այդ նոյն ղեկավարութիւնն է, որ սփիւռքը կազմակերպեց, Համազգային հիմնադրեց, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ շինեց, որպէսզի սփիւռքահայը ոտքի կանգնի եւ չմեռնի: Հայաստանը մնաց, ժողովուրդը դարձաւ խորհրդային եւ մնաց խիստ հսկողութեան տակ մինչեւ 1987 թուական»: Ապա ան անդրադարձաւ արցախեան գոյապայքարին եւ պահանջատիրութեան. «1987-ին ստորագրահաւաք տեղի կ՛ունենար, որպէսզի դիմեն Քրեմլինին, որ Արցախը միանայ Հայաստանին: Մեծ թիւով ստորագրութիւններ հաւաքուեցան, բայց դժբախտաբար մտիկ ընող չկար:1988-ին Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ առաջին խաղաղ ցոյցը, եւ մեր ժողովուրդը պահանջեց միացում: Թշնամին, որ միշտ նոյնն է, հակադարձեց անմիջապէս եւ կազմակերպեց ջարդեր ու յարձակումներ: Բայց Արցախի ժողովուրդը չյուսահատեցաւ եւ իր փոքր հնարաւորութիւններով սկսաւ իր ազատագրական պայքարը: 1991 սեպտեմբեր 2-ին Արցախը յայտարարեց իր անկախութիւնը` որպէս անկախ հանրապետութիւն: Սակայն կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 1994, բայց երբ ազերիները բազմաթիւ կորուստներ տուին, ի վերջոյ ստիպուեցան համաձայնագիր մը կնքելու, որ զինադադար ըլլայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքը մեծապէս ընդարձակուեցաւ: Սակայն 1994-2016 ժամանակամիջոցին թշնամին նաֆթի եկամուտներով կը հզօրացնէր իր բանակը` Թուրքիոյ աջակցութեամբ»:
Եսայի Հաւաթեան նաեւ յիշեց 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, 27 սեպտեմբեր 2020-ի լայնածաւալ պատերազմը, երբ մեր ժողովուրդը մեծ կորուստներ ունեցաւ` աւելի քան 5000 նահատակներ, դիտել տալով, որ Ազրպէյճանը տակաւին կը շարունակէ իր հայաթափման քաղաքականութիւնը` սպառնալով Հայաստանին:
Աւարտին ան յայտնեց, որ հայութիւնը այսօր յուսահատ է, վտանգուած եւ ճակատագրական վիճակի մէջ է մեր հայրենիքը, բայց եւ այնպէս Հաւաթեան շեշտեց, որ պէտք է վանել յուսահատութիւնը մեր հոգիներէն` միշտ յիշելով, որ մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք: «Պէտք է համախմբենք մեր ուժերը, բոլոր միջոցներով թիկունք կանգնինք հայոց բանակին, թիկունք կանգնինք Արցախի պայքարող ժողովուրդին: Միասնութեան եւ պայքարի պահն է, քաջութեան, նուիրումի եւ աշխատանքի պահ է: Մտածելու շատ ժամանակ չկայ, պատրաստ ըլլանք պայքարի», եզրափակեց Եսայի Հաւաթեան:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Վարուժան արք. Հերկելեանի օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ»-ով:


