«Հայ Սկաուտի Օր»-ուան Արժանավայել Նշում
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, «Հայ սկաուտի օր»¬ը նշուեցաւ յատուկ տօնակատարութեամբ մը, կիրակի, 19 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:
Յայտագիրը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ սկաուտական քայլերգներով:
Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ դժուար ու ծանր պայմանները` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, շեշտելով, որ այս բոլորին մէջ «Հայ սկաուտի օր»-ը կու գայ յոյս ու հաւատք ներշնչելու հաւաքական մեր կարողութեան եւ ընելիքներուն նկատմամբ: «ՀՄԸՄ-ը` իր առաքելութեան հաւատարիմ, կը շարունակէ իր երթն ու գործունէութիւնը` հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, իբրեւ նպատակ ունենալով կերտել տիպար հայ քաղաքացիներ, որոնք գիտակից են իրենց կոչումին ու պարտականութիւններուն», ըսաւ ան:
Յ. Չպլաքեան դիտել տուաւ, որ «Հայ սկաուտի օր»-ը այս տարի նուիրուած է Արցախին ու Արցախի մէջ իր արդար իրաւունքներուն պաշտպան հայութեան, որովհետեւ հայ սկաուտը լաւապէս կը գիտակցի, որ առանց Արցախի` մեր ամբողջ հայրենիքն ու պետականութիւնը կը վտանգուին, ուստի այս ծանր օրերուն Արցախի կողքին ըլլալն ու զօրակցիլը լոկ պարտականութիւն չէ, այլ իսկական համոզում, ազգային գիտակցութիւն եւ յարգանք` թէ՛ այսօր շրջափակման պայմաններուն մէջ պայքարողներուն եւ թէ՛ այդ սրբազան հողին համար նահատակուողներուն վեհութեան նկատմամբ: Ան նաեւ նշեց, որ հայ սկաուտը քաղելիքներ ունի Վարդանանց սերունդէն, անոր հայրենասիրութեան եւ հայրենանուիրումի ոգիէն, որ պայքարի կը մղէ եւ յստակ պատգամ կը յղէ, որ նոյնիսկ ճակատամարտի կորուստի պարագային, պատերազմը կորսնցնելու իրաւունք չունի հայութիւնը, իսկ յաղթանակներու համար մարտնչումներուն եւ անոնց կերտման ուղիին վրայ ՀՄԸՄ-ի ունի իր դերն ու ներդրումը:
Ձեռնարկին ընթացքին երէց-պարմանուհի, արի-արենուշներ եւ գայլիկ-արծուիկներ ներկայացուցին Արցախին նուիրուած ներկայացում մը, որ կը ներառէր պար, երգ եւ ասմունք: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն արտասահմանի երկիրներէն ՀՄԸՄ-ականներ շնորհաւորեցին «Հայ սկաուտի օր»-ը եւ բարեմաղթութիւններ կատարելով` իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ՀՄԸՄ-ին մեծ ընտանիքին:
Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Կէվօղլանեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ «Հայ սկաուտի օր»-ուան ճի՛շդ Վարդանանց տօնին նշումը լոկ զուգադիպութիւն չէ, այլ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ամէն տարի Վարդանանց հերոսներու վճռակամութենէն, հայրենասիրութենէն եւ հաստատակամութենէն ոգեւորուելով` կը լիցքաւորուին եւ իրենց երդումը կը վերանորոգեն:
Ապա ան դիտել տուաւ, որ «Հայ սկաուտի օր»-ուան տօնակատարութիւնը 44 տարեկան դարձած պանծալի սովորութիւն մըն է, որ սկիզբ առած է եւ հաճոյքով կատարուող պարտականութեան վերածուած է Լիբանանի մէջ, ուրկէ հետզհետէ տարածուած է սփիւռքի բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր ՀՄԸՄ գոյութիւն ունի ու հասած է մինչեւ մայր հայրենիք եւ Արցախ: Այս ծիրին մէջ ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս կայծը տրուած է հայ սկաուտին տօն յատկացնելու եւ զայն ՀՄԸՄ-ի տօնացոյցին մէջ նուիրականացնելու:
Ապա բանախօսը դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն մարդկութեան դիմաց ցցուած դժուարութիւններն ու «Քորոնա» ժահրին պարտադրած նոր կենցաղը իր աւերները գործեց ոչ միայն մեծ թիւով մարդոց նկարագիրին, վարուելակերպին, կենցաղին եւ հարցերու մօտեցման ու անոնց հակազդեցութեան վրայ, այլ նաեւ այս բոլորին արտացոլացումը բացայայտօրէն նկատելի է շատ մը հաւաքական գործունէութիւններու եւ անոնց արդիւնաւէտութեան նահանջին վրայ:
«Մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, այս բոլորին կողքին, այսօր նաեւ կ՛ապրինք լուրջ տագնապներ: Հայաստանի մէջ տիրող վերիվայրումներն ու անորոշ վիճակը, արցախեան 44-օրեայ պատերազմն եւ անոր պատճառած կորուստներն ու արձանագրած հետեւանքները եւ, ի վերջոյ, Արցախի շրջափակումը կը պարտադրեն ծանր մտահոգութիւններ եւ ցաւեր: Տակաւին, կան լիբանանեան կեանքին մէջ առկայ բազում դժուարութիւնները, մերձակայ մեր գաղութներուն, յատկապէս Հալէպի մէջ վերջերս ստեղծուած նոր տագնապը, որոնք չեն կրնար աննկատ անցնիլ եւ իրենց հետքը չթողուլ հայկական իրականութեան մէջ: Հակառակ այս բոլորին` բազում այս մարտահրաւէրներուն մէջ միշտ ալ լուսարձակը իր վրայ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ական սկաուտը ամէնուրեք: Երէկ ան ներկայ էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով ստեղծուած ահաւոր վիճակին մէջ իր հայրենակիցներուն հասնելու, անոնց ցաւը մեղմելու: Արցախի մէջ ան ներկայ էր ոչ միայն արցախցիներուն կողքին, այլ նոյնիսկ` առաջին ճակատներու վրայ, իր իսկ կեանքով պաշտպանելու սրբազան հողը: Այսօր մենք ՀՄԸՄ-ական սկաուտը կը տեսնենք Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի թաղերուն մէջ, ակումբներէն ներս, հոն, ուր կարիք կայ նեցուկի, պաշտօնական հիւրերու ընդունելութեան, ամէն տեսակ օգնութեան: Սիրտ լեցնող, անժխտելի ու դժուար գտանելի իրականութիւն է ասիկա», շեշտեց ան:
Րաֆֆի Կէվօղլանեան հաստատեց, որ մերօրեայ մտահոգութիւններն ու վիշտերը թօթափելու, կազմակերպուած ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք գործադրելու համար պէտք ունինք նախ` մեր հաւաքական ապագային հանդէպ մեծ յոյսի, երկրորդ` մեր երիտասարդութեան պայծառամտութեան եւ ձեռներէցութեան նկատմամբ մեծ, խոր ու իսկական հաւատքի, որոնց լաւագոյն աղբիւրն ու դարբնոցը ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնն է: «Մեր այս օրերուն, երբ ընկերութիւնը լի է մոլորեցնող ու ճիշդ ուղիէն շեղող այլազան անիմաստ ժամավաճառութիւններով եւ մոլութիւններով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական հաւաքոյթներն ու աշխատանքները կը շարունակեն մնալ այն ապահով ու մաքրամաքուր միջավայրը, ուր հայ մանուկը, պատանին եւ երիտասարդը իրենց կեանքի ամէնէն զգայուն ու նուրբ փուլին ամրօրէն կը պատսպարուին իրենց դէմ յանդիման կանգնող այլազան մարտահրաւէրներուն դէմ: ՀՄԸՄ-ական սկաուտը անձնուէր, ինքնուրաց եւ լաւ պատրաստուած խմբապետ-խմբապետուհիներէն կը ստանայ ազգային, սկաուտական, կրօնական, մարզական ու մշակութային գիտելիքներու տարափ, ձեռք կը ձգէ այլազան հմտութիւններ ու կը զարգացնէ իր ձիրքերը: Ու այս տուեալներով զինուած ու վահանուած` կը կերտէ ամուր նկարագիր, աննկուն կամք եւ դժուարութիւններու դէմ պայքարելու դիմադրողականութիւն», ըսաւ ան` բախտաւորութիւն նկատելով այն, որ սկաուտական հաւաքի մը ատեն ակումբը գտնուողը ականատես պիտի ըլլայ այն իրողութեան, որ մեծ թիւով պատանիներ եւ երիտասարդներ, ժամավաճառութիւնները ու մերօրեայ գրաւիչ թուացող ախտերը իրենց ետին ձգած, սիրայօժար, հաճոյքով եւ խանդով ակումբ կու գան եւ իրենց առաքելութեան համազօր աշխատանքով կ՛երաշխաւորեն մեր պայծառ ապագան:
Լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ մեր ազգային, մշակութային եւ զանազան միութենական մարզերու եւ բնագաւառներու մէջ աշխատած եւ ներդրում ունեցած երէց սերունդի անդամներ յաճախ կը կրկնեն` «Մեր օրերը տարբեր էին», Րաֆֆի Կէվօղլանեան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական գործունէութեան, շրջանային եւ մասնաճիւղերու մակարդակի սկաուտական խորհուրդներու եւ խմբապետական կազմերու տարած աշխատանքներուն մօտէն հետեւող մը կրնայ վճռականօրէն հաստատել, որ այդ խօսքը այս պարագային կարելի չէ գործածել, որովհետեւ ականատես կ՛ըլլանք զանազան հետաքրքրական նախաձեռնութիւններու եւ իրագործումներու, որոնք իւրայատուկ ձեւով ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը կը պահեն իր բոլոր ժամանակներու բարձունքին վրայ, ինչ որ նախանձելի օրինակ պէտք է ըլլայ մեր բոլոր բնագաւառներուն եւ մարզերուն պարագային:
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ 3 հիմնական յատկութիւններու, որոնք բոլոր ժամանակներու եւ այլազան վերիվայրումներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը կը պահեն լուսաւոր բարձունքի վրայ` պարտականութեան գիտակցութիւն, ծառայութեան ոգի եւ փոխադարձ յարգանք: «Բարեբախտաբար ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, 105 տարիներ շարունակ, հաստատօրէն կառչած կը մնայ վերոյիշեալ 3 յատկութիւններուն եւ այդ պատճառով ալ, քայլ պահելով հանդերձ արդիականացման հետ, կը շարունակէ մնալ իր բարձունքին վրայ ու նորանոր «գագաթներ» նուաճելու իր երթին մէջ», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ այս առիթով արժէ խոնարհիլ միութեան հիմնադրութեան եւ անոր երթի երաշխաւորման մէջ ներդրում ունեցող ՀՄԸՄ-ականներուն յիշատակին առջեւ, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց այդ ջահը այսօր եւս բարձր պահող վարչականներուն, սկաուտական խորհուրդներու անդամներուն, ՀՄԸՄ-ական սկաուտներուն, աստիճանաւորներուն եւ խմբապետներուն:
«Միշտ յիշեցէք, որ միայն ձեր բծախնդրօրէն ծրագրած յայտագիրներն ու կրնկակոխ գործադրած աշխատանքներն են, որ կ՛երաշխաւորեն ձեր իսկ այսօրուան ընտրած նշանաբանը` «Դէպի պայծառ յաղթանակ»-ի գնացքը», շեշտեց Րաֆֆի Կէվօղլանեան` դիտել տալով, որ երէց սերունդէն փոխանցուած ջահն ու ժառանգութիւնը վառ պահելով, Վարդանանց հերոսներու աննկուն կամքով ու խիզախութեամբ, միասնական ճիգերով, երկարաժամկէտ ծրագրաւորումով ու միայն զիրար բարձրացնելով կարելի է իսկապէս բարձրանալ ու կերտել յաղթական ապագայ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ շեփորախումբը, իսկ ձեռնարկի փակումը կատարուեցաւ Շահէ արք. Փանոսեանի օրհնութեան խօսքով, որուն մէջ ան շնորհաւորեց սկաուտական կազմը եւ շեշտեց, որ «Հայ սկաուտի օր»-ուան առթիւ մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի դէպի հայրենիք, որպէսզի տարբեր աչքով դիտենք մեր հայրենիքն ու մեր երիտասարդութիւնը, որոնք մեր երաշխիքն են: Ան շեշտեց, որ անցնող տարիներուն տագնապալի օրերը, թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, կարողացանք յաղթահարել` շնորհիւ միասնութեան, զիրար բարձրացնելով, վերարժեւորելով մեր հայրենիքի տեսլականը եւ մեր մէջ ներառելով հայոց ոգին:






