Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Մարտ 21, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Արդարեւ, շաբաթ, 18 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը կը վաճառէին ուտելիքներ: Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ ժամը 6:00-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ երգիչներ Մհեր Չափարեանի, Էտի Նալպանտեանի, Կասիա Շատարեւեանի, Ճորճ Գալայճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Յայտնենք, որ յայտագիրին զուգահեռ պատրաստուեցաւ աւանդական մատաղը:

Կիրակի, 19 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Արաքս փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձ մը կատարեց Սեբաստիոյ մէջ 4-րդ դարու սկիզբը պատահած պատմական դէպքին, ըստ որուն, Փոքր Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն եկող, Հռոմէական սահմանապահ զօրքին մէջ իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարող 40 կտրիճ երիտասարդներ աներկիւղ իրենց քրիստոնեայ ըլլալը կը յայտարարեն եւ, հակառակ իրենց դէմ ի գործ դրուած բռնութեանց եւ ճնշումներուն, կը մերժեն հեթանոսական բարքերուն դառնալ եւ` իբրեւ պատիժ, անոնք ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը, կը նետուին մօտակայ սառցապատ լիճին մէջ, որպէսզի տանջանքով մահանան: Ամբողջ գիշեր մը սառցապատ լիճին մէջ անցընելէ ետք, առաւօտուն, անոնք լիճին վրայ կը յայտնուին կենդանի ու  լոյսէ պսակներով զարդարուած: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքին դիմացած վկաները դաժանօրէն կը սպաննուին:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադիրները 40 զօրականներու անունով կոչեցին այս սրբավայրը, որպէսզի այստեղ մուտք գործող հաւատացեալը զգայ, թէ եկեղեցւոյ յարատեւութեան ու քրիստոնէական հաւատքին ու արժէքներու պաշտպանութեան համար, դարաւոր պայքարներ են մղուած ու անթիւ մարտիրոսներ եւ վկաներ են ինկած: Հետեւաբար, տարին անգամ մը այս եկեղեցւոյ մէջ քառասնից մանկանց յիշատակը նշելը, մեր պատիւն ու պարտքն է, եւ այդ յիշատակը այսօր մեզ կը հրաւիրէ մենք մեզ քննելու, մեր անձը դիտելու եւ ըմբռնելու խոկումին:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, թէ սուրբերը մեզի կը փոխանցեն իրենց կեանքին օրինակը եւ կը յիշեցնեն, թէ քրիստոնէական ճամբան կը սկսի հաւատքով, որ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ամենահզօր կարողութիւնն է` աւելցնելով, որ մարդ հաւատքով կը մօտենայ Աստուծոյ ու հաւատքով մասնակից կը դառնայ նաեւ աստուածային գործին: Հաւատքով ո՛չ միայն կարելի է խնդրել Աստուծմէ եւ ստանալ ամէն բան, այլ նաեւ` գործել այն, ինչ որ անհնար է իրականացնել մարդկային ճիգերով, նաեւ հաւատքով կարելի է նոյնիսկ  հասնիլ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան:

«Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ սուրբերը, ոչ թէ աւելի տարբեր եւ հզօր էին մեզմէ ու իրենց շրջապատի մարդոցմէ, այլ մեր օրինակով մահկանացու արարածներ էին, սակայն` հաւատքով խրախուսուած, անոնք միացած էին Քրիստոսի յաղթական թափօրին: Այդ պատճառով, երկնային փառքի դռները բացուեցան անոնց դիմաց:  Երկրորդ, սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ տոկալու համար կեանքի տեսակաւոր փորձութիւններուն, ցաւերուն ու տառապանքներուն, մարդ յարատեւ աղօթքով պարտի հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ եւ այդպիսով Աստուծմէ ուժ ու զօրութիւն կը ստանայ», հաստատեց Շահէ արք.` շեշտելով, որ  մեր աղօթքը եւ աղօթելու եղանակը կարեւոր են Աստուծոյ համար, ուստի պէտք է աղօթել յարատեւօրէն եւ վստահութեան հոգիով, ինչպէս կը պատգամեն սուրբերը, զԱստուած մեր կողքին զգալով` իրմով լուսաւորուած ու իրմով  մխիթարուած:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ աղօթելն ալ բաւարար չէ: Քրիստոնեան պարտաւոր է նաեւ իր Արարիչին ծառայել ու սուրբերուն հաւատքը ընկերութեան մէջ տարածել եւ անոնց  օրինակը յաւերժօրէն ապրեցնել, որպէսզի ընկերութեան կեանքէն ներս շարունակաբար սուրբն ու սրբութիւնը պաշտպանուին: Ան հարց տուաւ, թէ այսօր ի՞նչ ձեւով կը վկայենք մեր քրիստոնէական հաւատքին մասին եւ մեր առօրեային մէջ ինչո՞վ կը պաշտպանենք աւետարանի սկզբունքները եւ ի՞նչ կը զոհենք, որպէսզի սրբութեամբ պահենք մեր տունը, մեր ընտանիքը, մեր ընկերութիւնն ու մեր համայնական կեանքը: «Պահ մը դիտենք մենք զմեզ, որպէսզի սթափինք եւ անդրադառնանք, թէ արժէքներու շփոթութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, սկսած ենք անգիտակից վիճակով հետեւիլ ուրիշին ու ամէն բանի: Սկսած ենք  ոչ միայն անորոշութեան վիճակ մը ստեղծել մեր ինքնութեան մէջ, այլեւ` սարսափելիօրէն հեռանալ մեր հաւատքէն եւ թերանալ մեր քրիստոնէական եւ ազգային կեցուածքներուն մէջ ու ամէն քայլափոխի` թուլնաք ու սայթաքիլ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հարկ է նայինք մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն, միութիւններուն, կառոյցներուն, մեր ընկերութեան վիճակին, որպէսզի նախկին մեծութեան ու փառքի տեսարաններուն դիմաց զգանք, թէ այսօր, նոյնիսկ սկսած ենք մեր կեանքով զոհել այն, ինչ որ նախորդ սերունդները քրտինքով, հաւատքով ու շատ անգամ նաեւ արեան վկայութեամբ կերտեցին ու շահեցան: Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ բարոյական արժէք չճանչցող մարդն ու ընկերութիւնը, անպայմանօրէն կը վտանգեն թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ իրենց շրջապատը:

«Այսօր ուխտաւոր ենք: Քառասուն վկաներու լուսեղինացած աչքերը մեզ կը դիտեն ու մեզ կը հրաւիրեն իրենց օրինակով Քրիստոսի զինուորները ըլլալու եւ այդպիսով յանուն ճշմարտութեան ու սրբութեան, աշխարհին մէջ պայքարելու չարին ու չարիքին դէմ, որ, ինչպէս գիտէք, ամէն քայլափոխի մեզի կը հետեւի եւ կը վտանգէ մեր ժողովուրդին բարոյական ամրութիւնն ու հոգեկան վիճակը կը քայքայէ: Եւ յիշենք, որ քրիստոնեային կեանքը հոգեւոր պայքար է ու պատերազմ` վասն ճշմարտութեան, սրբութեան եւ արդարութեան», եզրափակեց սրբազան հայրը` աղօթելով, որ այդ գիտակցութիւնը պահպանուի մեր կեանքին մէջ եւ այսօրուան մեր ուխտը մեզ տանի սրբութեան կեանքին, որպէսզի մինչեւ վերջին շունչ մենք շարունակենք պաշտպանել մեր հաւատքը ու մեր ազգային աւանդը»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին Բժշկական Անվճար Օժանդակութիւն` Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան Կողմէ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?