Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապրեցէք Հայօրէն, Ժառանգեցէք Ձեր Զաւակներուն Հայ Ծնած Ըլլալու Հպարտութիւնը, Որպէսզի Ապրի Հայը Եւ Իրականանայ Հայուն Երազը», Սեդա Խտըշեան

Մարտ 16, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում ԼՕԽ-ի Մէջ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը արժանավայել յարգանքով տօնեց Կիներու միջազգային օրը եւ այս տարի եւս, մարտի 8-ին կազմակերպեց մեծարանքի ձեռնարկ` պանծացնելով Կիներու միջազգային օրը:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին երկրաշարժի պատճառով զոհուած հայորդիներուն:

Ապա ան ըսաւ. «ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը եղած է հայ մշակոյթը պահպանողը եւ կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ ծանօթացնելու մեր արժէքները, ինչպէս նաեւ` վեր առնելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը մեր ազգային հասարակական իրականութեան մէջ»: Միքայէլեան  հակիրճ պատմականը ըրաւ Կիներու միջազգային օրուան` շեշտելով. «Այսօր մենք եկած ենք մեծարելու մանաւանդ հայ կինը: Ան իր հայրենասիրութեամբ, անընկճելի ոգիով դարերու ընթացքին կրցած է յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ, եղած է պատնէշի վրայ, երբ հայրենիքը գտնուած է մարտահրաւէրներու դիմաց»: Ապա ան հաստատեց. «Հայ կինը հիմնաքարն է հայ ընտանիքին հայ մնալուն: Եղած է իր զաւակներուն առաջին ուսուցիչը, երբ գիրք չէ գտած, անապատի աւազներուն վրայ սորվեցուցած է հայոց այբուբենը»:

Ազնիւ Միքայէլեան խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Կեցցէ՛ իր իրաւունքները պաշտպանող կինը, կեցցէ՛ հայ առաքինի կինը, տօնդ շնորհաւոր, միշտ ուրախ ապրիս»:

Գեղարուեստական առաջին բաժինով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով ներկայացուց «Ծաղկած բալենի» նուագը:

Օրուան պատգամաբերն էր  Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ իր խօսքին սկիզբը շնորհաւորեց բոլոր կիները, յատկապէս` ԼՕԽ-ականները, «որովհետեւ մարտի 8-ն աւելի կ՛իմաստաւորուի ԼՕԽ-ով` իբրեւ կիներու կազմակերպութիւն, գիտակից իր դերին», իսկ այս միութեան հիմնադիրներն ու ծառայողները գիտակցած են կնոջ դերակատարութեան կարեւորութեան եւ լծուած` մարդասիրական գործի: Ան դիտել տուաւ, որ Կիներու միջազգային օր կը նշենք պարզ այն պատճառով, որ բոլոր կիները իրաւազրկուած են, նախապաշարումներ գոյութիւն ունին կիներու կարողութեան եւ խելացութեան նկատմամբ: Ապա Սեդա Խտըշեան տուաւ շրջադարձային փոփոխութիւններ` անցնող հարիւրամեակին: Պատգամախօսը հետեւեալ կոչը ուղղեց ներկաներուն. «Հերթը ձերն է, սիրելի ընկերուհինե՛ր, կրաւորականութենէն դուրս գալու, քաջալերելու ձեր աղջիկ զաւակները ամէն գնով զարգանալու եւ քայլ պահելու զարգացումներուն հետ: Այսօր, երբ առիթը կը տրուի զարգանալու, կիները իբրեւ աստղանաւորդներ կը հասնին տիեզերք:

Սեդա Խտըշեան մատնանշեց հայ կիներու տարբերութիւնը բոլոր աշխարհի կիներէն` նշելով, որ հայ երեւոյթով, հայ կիները կը միանան նոյն պատմութեամբ, նոյն անցեալով, իրենց ծնողաց Ցեղասպանութեան նոյն հալածանքով, նոյն տագնապով եւ միեւնոյն ապագայի տեսիլքով` ազատ, անկախ, արդար Հայաստանի տեսիլքով:

Ապա բանախօսը պատգամեց` ըսելով. «Ապրեցէք հայօրէն, ժառանգեցէք ձեր զաւակներուն հայ ծնած ըլլալու հպարտութիւնը` մեր պատմութեան փառահեղ յաղթանակներով, մշակութային հարուստ շքեղութիւնը, որպէսզի ապրին անոնք հայ ծնած ըլլալու ամբողջական գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ, որպէսզի ապրի հայը եւ հայուն երազը կերտենք, նոր Հայաստանը արդար եւ հաւասար բոլորին համար` այր թէ կին, սփիւռքահայ թէ հայաստանահայ, միակը եւ յաւերժականը, գլխագիր ՀԱՅԸ»: (Սեդա Խտըշեանին խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ):

Դասախօսութենէն ետք գեղարուեստական երկրորդ բաժինով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի լարային բաժնի ղեկավար ուսուցիչ Արմէն Ճենտերեճեան ջութակի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Կռունկը» եւ «Ծիրանի ծառը»:

Բոլոր ներկաները, լիցքաւորուած օրուան խորհուրդի թելադրականութեամբ, գոհունակ վերադարձան իրենց առօրեային:

Մուտքին ներկաներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Հայ Կնոջ Իրաւունքներուն Գերագոյնը, Վսեմագո՛յնն ու Յաւերժականը Հայ Ըլլալու, Հայօրէն Ապրելու, Իբրեւ Հայ Գոյատեւելու Իրաւունքն Է*

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In