Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչները Հաւաքաբար Քննեցին Հայ Պատանիներու Ակնկալութիւններն Ու Պարտաւորութիւնները

Մարտ 21, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակին առիթով, շաբաթ, 18 մարտ 2023-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Այսօրուան պայմաններուն մէջ հայ պատանիները ի՞նչ ակնկալութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունին»:

Սեմինարին բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի պատանիներուն անունով արտասանեց Լիմ Լիպարեան, որ ըսաւ. «Մենք վաղը ընելիք ունինք: Մե՛նք ենք ապագան: Մե՛նք ենք տէրը մեր պապերու ժառանգութեան: Տագնապալի լիբանանահայութիւնը, վիրաւոր Արցախը եւ վտանգուած Հայաստանը մեր զօրակցութեան կարիքն ունին: Վերջապէս, շրջափակուած Արցախի պատանիները մինակ չեն, այդպէս պէտք չէ զգան, մենք արցախցիներուն կողքին ենք»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան, որ նշեց, թէ 100 տարիներ ետք Լիբանանի պատանեկան միութիւնները տակաւին կը շարունակեն համախմբել լիբանանահայ պատանիները` անոնց տրամադրելով ապահով միջավայր եւ ազգային դաստիարակութիւն: Ան հաստատեց, որ այս սեմինարը լաւագոյն առիթներէն է միասնաբար մտածելու, ազատ արտայայտուելու եւ քննելու այսօրուան պայմաններուն մէջ պատանիներուն ակնկալութիւնները եւ պարտաւորութիւնները:

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, «Հայ պատանիներուն իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները» ընդհանուր նիւթին ներքեւ Լուիզա Ազեզեան ներկայացուց մարդկային ընտանեկան բաժինը, Մարալ Տէյիրմէնճեան` կրթականը, Գրիգոր Էքմէքճեան ընկերային միութենականը, իսկ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան` հոգեւորը: Զեկուցումներու համակարգողն էր Արազ Էլէյճեան:

Դադարէ մը ետք տեղի ունեցաւ «Հայ պատանիներուն ակնկալութիւնները եւ երազները» նիւթին շուրջ զրոյց մը: Զրուցավարն էր Սիլվա Սողոմոնեան:

Կէսօրուան ճաշին յաջորդեցին խմբային աշխատանքներ: Մասնակիցները` չորս խումբերու բաժնուելով, պատրաստեցին ներկայացումներ, որոնք քննարկուեցան բոլոր մասնակիցներուն կողմէ: Նշեալ աշխատանքին համակարգողն էր Կարէն Պոյաճեան:

Սեմինարի աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու տնօրէններուն եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք նպաստած են այս ծրագիրի յաջողութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ պատանիները սեմինարի մթնոլորտը եւ նիւթերը կը դարձնեն իրենց դասընկերներուն ու միութիւններու անդամներուն սեփականութիւնը` հաւաքաբար եւ մնայուն կերպով քննելով պատանիներուն դերը մեր ընկերութեան մէջ: Տէմիրճեան հաստատեց, որ առողջ կերպով դաստիարակուած պատանիները գաղութի գոյութեան պահպանման հիմնական գրաւականը կը հանդիսանան:

Յայտնենք, որ սեմինարին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողքին մասնակցեցան Հայ աւետարանական քոլեճի, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանի, Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ  Մանուկեան քոլեճի, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարանի, Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, Կաթողիկոսարանի դպրեվանքի եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ` ՍԴՀԿ «Տխրունի» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԿՄ-ի ներկայացուցիչները:

Աւարտին, մասնակիցները Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով որդեգրեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը:

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Նախորդը

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակի Ծիրին Մէջ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Տպաւորիչ Համերգ

RelatedPosts

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան
Գաղութային

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան

Մայիս 12, 2025
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?