Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Ցանցերը, Կեղծ Լուրերը Եւ Ապատեղեկատուութիւնը Բացայայտելու Ձեւերն Ու Միջոցները Եղան Ապագայ Լրագրողներուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթերը

March 18, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկուան իրենց հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան ընկերային ցանցերու գործածութեան համեմատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կեղծ լուրերը եւ ապատեղեկատուութիւնը բացայայտելու ձեւերուն ու միջոցներուն:

Այս բոլորին մասին ներկայացում մը պատրաստեց եւ բաւական յստակ ու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Բրիտանիոյ դեսպանատան պաշտօնեաներէն Հրակ Աւետանեան:

«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հ. Աւետանեան նորարար ոճով պատրաստուած ներկայացումին ընթացքին անդրադարձաւ ընկերային ցանցերուն եւ անոնց գործածութեան ընդհանուր համեմատութիւններուն` ամբողջ աշխարհին մէջ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բջիջային հեռաձայններու յաւելուածներուն` «Էփ»-երուն եւ անոնց դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ժամերու այն համեմատութեան, որ ընկերային ցանցերը կը խլեն իւրաքանչիւր մարդ արարածէ, օրական դրութեամբ:

Աւանդական լրատուամիջոցներուն կողքին Հ. Աւետանեան լուսարձակի տակ առաւ վերջին տասնամեակին ստեղծուած քաղաքացիական լրագրութեան եւ անոր ունեցած անմիջական ու ազդու դերակատարութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, տարբեր օրինակներու ընդմէջէն ներկայացուեցան նաեւ աւանդական լրագրութեան ու լրատուամիջոցներու եւ նոր ստեղծուած լրագրութեան համարկումն ու անոր ունեցած ազդեցութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Հաստատելով, որ կարելի չէ համացանցի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր լուրի հաւատալ, Հ. Աւետանեան ներկայացուց կեղծ լուրերու օրինակներ, ինչպէս նաեւ բացատրեց այն միջոցներն ու ձեւերը, որոնք պէտք է օգտագործել բացայայտելու համար ապատեղեկատուութիւնը, կեղծ լուրերն ու լուսանկարները:

Ապագայ լրագրողներուն աշխուժ մասնակցութեան շնորհիւ ամբողջ ներկայացումը ստացաւ ներգործօն բնոյթ ու իր հարստութեամբ դաստիարակիչ ըլլալու կողքին եղաւ հաճելի:

 

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «Հարցաքննութեան Ներկայացայ Իբրեւ Վկայ Եւ Ոչ Իբրեւ Կասկածելի Կամ Ամբաստանեալ»

Յաջորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.