Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Ընդունեց Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը Եւ Խումբ Մը Պատանիներ

Մարտ 15, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակին առիթով, շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Նաւասարդեան» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններու անդամները` ընկերակցութեամբ վարիչներուն, Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեանին:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ նշեց, թէ պատանեկան միութիւնները անցնող տասնամեակներուն բազմատեսակ դժուարութիւններ դիմագրաւած են, լաւ եւ վատ օրեր անցուցած են, սակայն տագնապներուն դիմաց մնացած են ամուր եւ հետեւած են միութեան առաքելութեան: Պոյաճեան հաստատեց, որ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները մէկ դար ետք միեւնոյն ոգիով եւ արդիական մօտեցումներով կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` կերտելու մարդը, հայը եւ դաշնակցականը: Ան ըսաւ, որ այսօր միութեան պատանիները Լիբանանէն ներս թէ դուրս եւ հայրենիքի մէջ ներկայութիւն են մեր ազգային կեանքին մէջ, ինչ որ ապացոյց է կառոյցի դաստիարակչական ծրագիրի յաջողութեան:

Իր խօսքի սկզբնաւորութեան Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք ըսաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան հիմնադիրներուն նման, իր հայրն ալ «Թռչնոց բոյն»-ի որբ երեխաներէն մէկը եղած է, որ տագնապալի օրեր ապրած է, բայց Ցեղասպանութեան ցաւը մեզի ուժ տուած է` դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները: Հոգեւոր տէրը յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն` յուսալով, որ գալիքին շառաւիղները գործը կէս չեն ձգեր: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հայերը, ուր որ ալ գտնուած են, ճիգ թափած են միջավայրը երիտասարդականացնելու եւ կազմակերպելու.  երեւոյթ մը, որ նաեւ կ՛արտայայտուի պատանեկան միութիւններուն մէջ:

Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ մենք` իբրեւ քրիստոնեայ հայեր, պէտք է մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը պահպանենք եւ չդաւաճանենք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն: Իր խօսքը պատանիներուն ուղղելով` պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ պատանիները նախնիներու լաւ գործերը կը շարունակեն ու սխալները կը սրբագրեն, նուիրումով կը կատարեն ծառայութիւնը, նուազագոյն դժուարութիւններով կը յաղթահարեն տագնապները եւ կ՛արձանագրեն նորանոր նուաճումներ: Ապա տեղի ունեցաւ պատրիարքի եւ պատանիներուն միջեւ մտերմիկ զրոյց:

Հոգեւոր տիրոջ հետ հանդիպումի աւարտին դաշնակցական պատանիները հաւաքաբար երգեցին «Հայե՛ր, միաց՛էք»:

Նախորդը

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Յաջորդը

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?