Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի 95-Ամեակի Ծիրին Մէջ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Տպաւորիչ Համերգ

Մարտ 21, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին լիբանանահայ մշակութասէր հանրութիւնը ներկայ գտնուեցաւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ արձանագրուած աննախընթաց երեկոյի մը եւ ապրեցաւ անմոռանալի պահեր:

Արդարեւ, հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 18 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քասլիքի Սուրբ հոգի համալսարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ նախկին լիբանանահայ, Քանատայէն, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արամ Ասատրեան` ջութակ, Եւա Գէորգեան` թաւջութակ եւ Արամ Գալստեան` փըրքաշըն եւ թրոմփեթ: Յայտնենք, որ  համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուի գեղարուեստի դպրոցներու «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ին:

Ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ մշակութասէր բազմութեան շարքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատու Մարտար, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ, մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի ներկայացուցիչ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ժիրայր Թիւֆէնքճեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչները, հոգեւորականներ, համայնքային, կուսակցական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու պատասխանատուներ, Համազգայինի բարերարներ:

Համերգի բարի գալուստի խօսքը անգլերէն լեզուով արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պաստաճեան, որ ըսաւ, թէ 95 տարիներու շարունակական նուաճումը մեզի առիթ կ՛ընծայէ զայն տօնելու մեծ շուքով: Ան հաստատեց, որ Համազգայինի առաքելութիւնը եւ յանձնառութիւնն է պահպանել հայկական արուեստի ու մշակոյթի կտակը, նաեւ, համաձայն  Միացեալ ազգերու պայմանագրութեան, ոչ մէկ մանուկ եւ պատանի դուրս ձգել, որովհետեւ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է մասնակից դառնալ  մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին, որպէսզի ան հասուննայ ֆիզիքապէս, ճանաչողականօրէն, զգացականօրէն եւ ընկերային գետնի վրայ:

«Մշակոյթը մեր կեանքին մէջ կարեւոր ազդակ մըն է, որ ոչ միայն կ՛օգնէ մեր անհատականութեան կազմաւորման, այլ նաեւ կը զօրացնէ մեր արմատները», շեշտեց դոկտ. Լիզա Պաստաճեան` նկատել տալով, որ արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն կառչած մնալը կ՛առաջնորդէ քաղաքակիրթ եւ ընտրեալ միջավայրի, եւ ա՛յս է Համազգայինի տածած գործունէութիւնը տարիներ շարունակ եւ պիտի շարունակէ նոյնպէս:

Ան հպարտութեամբ յայտարարեց, որ 2023-ին աւելի քան 800 պատանի-պարմանուհիներ անդամակցած են Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար  պայմաններուն: Լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ ներկայ ընկերատնտեսական տագնապին պատճառով  աշակերտներէն մաս մը դժուարութեան մէջ է, Լիբանանի Համազգայինը նախաձեռնեց «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ի ծրագիրին, որպէսզի օժանդակէ տաղանդաւոր, բայց ընկերային ծանր պայմաններու մէջ եղող աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց երթը` նշելով, որ այդ համերգի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի յիշեալ ֆոնտին:

Դոկտ. Լ. Պաստաճեան նշեց նաեւ, որ` հաճելի զուգադիպութեամբ մը, մինչ Համազգայինը կը թեւակոխէ իր 95-ամեակը, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը կը նշէ իր 40-ամեակը` աւելցնելով, որ այս զոյգ առիթներով տեղի պիտի ունենան զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ մէկը Սէրուժ Գրաճեանի համերգն է: Ան ըսաւ, որ Սէրուժ Գրաճեան իր երաժշտական ասպարէզի առաջին քայլերը սկսած է Համազգայինի «Ծնծղայ» երգչախումբին մէջ` աւելցնելով, որ Սէրուժ մեծ սիրով եւ անվարան համաձայն գտնուած է նեցուկ կանգնիլ «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ի. այս առիթով ան Համազգայինի անունով շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Սէրուժ Գրաճեանին եւ անոր նուագախումբին` իրենց վեհանձնութեան եւ անսակարկ նուիրումին համար:

Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Լ. Պաստաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին համերգի յաջողութեան:

Առաջին կտորը, զոր Սէրուժ Գրաճեան մեկնաբանեց, կը կոչուէր «Տէնսինկ ուիթ մէտնէս», որ, իր իսկ վկայութեամբ, գրած էր «Քորոնա» ժահրի օրերուն, որովհետեւ ճնշուած էր տիրող մթնոլորտէն եւ յօրինած էր այս կտորը` այն յոյսով, որ այդ ժամանակները բնաւ չեն վերադառնար: Դաշնակահարը յայտագրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ կատարելով յայտնեց, որ իրեն համար շատ հաճելի է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Լիբանան, որմէ հեռացած է 13 տարեկանին, եւ որ սակայն միշտ մնացած է իր սրտին եւ հոգիին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ իր մանկութեան յուշերէն երեք բան դրոշմուած են իր մէջ. ա) իրենց տան մէջ երգուած հայերէն երգերը, բ) երաժիշտ Մոցարթը, գ) լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզը:

Այնուհետեւ ան մեկնաբանեց դաշնակի վրայ իր նուագած առաջին երգը`  «Սարի սիրուն եար»-ը, ապա  Ֆէյրուզի «Նասսամ ալէյնալ հաուա»-ն միացուած Մոցարթի երաժշտական կտորին, թանկօ, ապա «Կորուստ եւ պայքար»-ը, որ գրած էր արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, երբ դժուար օրեր կ՛անցընէինք եւ ինք անձնապէս կորսնցուց իր ընկերը` նահատակ Քրիստափոր Արթինը, որուն նուիրեց այդ ստեղծագործութիւնը: Շարունակելով համերգը` Գրաճեան ըսաւ, որ աշխարհի վրայ չկայ երգիչ մը, որ երգած է սիրոյ մասին Շարլ Ազնաւուրէն աւելի, որ հայերուն համար դարձած էր հայր, մեծ հայր, հօրեղբայր, եւ այս իրականութենէն մեկնած մեկնաբանեց Ազնաւուրի «Սա Ժէօնէս» եւ «Լէօ տէօ կիթառ» երգերը:

Սէրուժ Գրաճեան յայտնեց, որ Պէյրութի օդակայանէն անմիջապէս ուղղուած էր Անթիլիասի մայրավանք, ուր առաջին քայլերը առած էր  Մարտիկեան վարժարանին մէջ` իբրեւ մանկապարտէզի աշակերտ, եւ մայրավանքի աստիճանները եղած են սկիզբը իր հայասիրութեան եւ ազգասիրութեան: Ան ըսաւ, որ ծնած է հայ ժողովուրդին համար ճակատագրորոշ  օր մը` 24 ապրիլին, եւ այդ պատճառով ծնողքը զինք կոչած են Սէրուժ` սէր ու ուժ, եւ որովհետեւ այդ օրը ծնած էր` արդէն իսկ իր ճակատագիրը վճռուած էր. պէտք է շատ սիրէր իր ազգը եւ պէտք է շատ սիրէր իր հայրենիքը: Երաժիշտը աւելցուց, որ Լեւոն Շանթ եւ Աղբալեան խորհրդանիշներն են Համազգայինին, սակայն իբրեւ երաժիշտ, իրեն համար Համազգայինը Բարսեղ Կանաչեանն է, եւ մեկնաբանեց իր մանկութիւնը յիշեցնող Բ. Կանաչեանի յօրինումներէն  երեք երգեր` «Մենք մանուկներ հայոց ազգին», «Խաղաղ գիշեր է, գեղեցիկ ու զով» եւ «Ծնկըլը մնկըլը»: Հանդիսատեսները յուզումով մասնակից դարձան երաժշտութեան եւ, իրենց մանկութեան յուշերը թարմացնելով, երգեցին այդ երգերը: Ապա ան մեկնաբանեց Առնօ Պապաճանեանի «Նօքթիւրն»-ը եւ Ռապիհ Ապու Խալիլի «Արապիըն ուոլթզ» երաժշտական կտորները: Այնուհետեւ Գրաճեան բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ երգչուհի Կասիա Շատարեւեանը, որ մեկնաբանեց «Տուն իմ հայրենի» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը, ապա Գրաճեան նուագեց «Սարի աղջիկ», «Զարթիր Լաօ», «Ղափամա» միացուած Վիվալտիի, «Դու ինձ համար»: Համերգը եզրափակուեցաւ Անտրէ Սիմոնեանի եւ Եւա Գրիգորեանի մեկնաբանութեամբ «Կիլիկիա» մաղթերգով: Ուշագրաւ էր, որ հանդիսատեսները յոտնկայս ընկերակցեցան երգին:

Աւարտին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան յուշանուէր մը յանձնեց Սէրուժ Գրաճեանին, որ խոստովանեցաւ, թէ խորապէս զգացուած էր իր տունը` Լիբանան վերադարձով եւ ըսաւ. «Եթէ ձեզի համար անմոռանալի գիշեր մը պարգեւեցի, վստահ եղէք, որ դուք ինծի համար աւելի անմոռանալի գիշեր մը պարգեւեցիք»:

Սէրուժ Գրաճեանի համերգը եւ հոն տիրող մթնոլորտը երկար ժամանակ դրոշմուած պիտի մնայ հանդիսատեսներու յիշողութեան մէջ: Ս. Գրաճեան եւ իրեն ընկերակցող արուեստագէտները սքանչելի կատարումներով գրաւեցին սիրտն ու հոգին հանդիսատեսին, որ ամբողջ երկու ժամ, առանց աչքերը թարթելու հետեւեցաւ յայտագիրին, երգեց, յուզուեցաւ, ծափահարեց երկար եւ դարձեալ տեսնուելու համոզումով հրաժեշտ տուաւ Սէրուժ Գրաճեանին:

Յայտնենք, որ այս ձեռնարկի յաջողութեան սատարած ու զօրակցած էին Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային եւ արեւմտեան թեմերու եւ Քանատայի առաջնորդները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ Համազգայինի բարեկամներ:

Նախորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչները Հաւաքաբար Քննեցին Հայ Պատանիներու Ակնկալութիւններն Ու Պարտաւորութիւնները

Յաջորդը

Մոհամետ Սալահ Կ՛ուզէ Հեռանալ Լիվըրփուլէն

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?