Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի 95-Ամեակի Նշում
2 սեպտեմբեր 2023-ը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի ընդհանրապէս Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, բայց մասնաւորապէս Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ. Համազգայինը` իբրեւ մշակութային արժէքներու որակաւորման վաւերական կեդրոն, փայլուն փարոս, բաբախող սիրտ եւ մանաւանդ Մուսա Լեռ- Այնճարի նորահաս սերունդներու տաղանդները յղկող, մտքերը պայծառացնող ու անոնց ազգային դիմագիծ տուող, երբեք չյոգնող նպատակասլաց միջավայր: Արդարեւ, մեր երիտասարդ եւ կրտսեր համազգայնականները իրենց...




















