Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէին. Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Մէջ

Օգոստոս 30, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Զահլէի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Արցախի:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, ազգային երեսփոխան Կարպիս Պուչաքճեան, շրջանի հոգեւոր հովիւները, Զահլէի եւ Այնճարի քաղաքապետները` Ասաատ Զղէյպ եւ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Զահլէի մէջ գործող տեղական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Պեքաայի մէջ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Նիքոլա Ապու Ֆայսալ եւ շրջանի հայութիւնը:

Կոմիտէին անունով խօսք առաւ Խաժակ Բալուլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները մատնանշեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանը տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական ծանր տագնապներ կը դիմագրաւէ, սակայն անկարելի է խուլ ձեւանալ Արցախի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը տեսնելով: «Այդ նպատակով այսօր կազմակերպած ենք այս հանդիպումը, որպէսզի ցոյց տանք Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը», ըսաւ ան:

Օրուան բանախօս Լութֆիկ Այվազեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց Արցախի շրջափակուած իրավիճակը` օգտագործելով լուսանկարներ ու քարտէսներ: Նախքան այդ` Լ. Այվազեան հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց, թէ Արցախը  աւելի քան 2500 տարի մաս կազմած է պատմական Հայաստանին: Ապա ան ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի պատմական արմատները` դէպի Կովկաս ռուսական արշաւանքներ, Արցախի անկախութիւն, խորհրդայնացում եւ մինչեւ օրս:

Ան նաեւ քաղաքական վերլուծումով մը ներկայացուց Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շահերու բախման մանրամասնութիւնները` Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կատարած փոխզիջումները:

Այս բոլորէն մեկնելով` Լ. Այվազեան ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող այսօրուան իրավիճակը նոր աշխարհակարգի լոյսին տակ: Ան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի գործած բռնարարքներուն, 120 հազար մարդ սովամահ դարձնելու ցեղասպանական միտումներուն, ինչպէս նաեւ` Արցախը Հայաստանի կապող կեանքի միակ ճամբան փակ պահելու մասին:

Լ. Այվազեան ներկայացուց նաեւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքին կառչած մնալու արցախցիին կամքը, ինչպէս նաեւ` այն ելքերը, որոնց կարելի է դիմել վերջ տալու համար այս կացութեան:

Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Նիքոլա Ապու Ֆայսալ, որ անձնական վկայութիւններ ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստանի մէջ իբրեւ գործարար իր ունեցած փորձառութիւններուն մասին:

Նախորդը

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Ե. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Ֆանարի Մէջ

Յաջորդը

Թիւ Չենք, Մարդ Ենք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?