Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յիշենք Մեր Նահատակները` «Րաֆֆի»-ի «Խենթերը» Խորագիրով Ձեռնարկ

Սեպտեմբեր 1, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 28 օգոստոս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Թեհլիրեան» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ  «Յիշենք մեր նահատակները» «Րաֆֆի»-ի «խենթերը» խորագիրը կրող ձեռնարկ` նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի նահատակ ընկերներուն:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Հուրի Հալէպլեան: Ան նկատել տուաւ, որ բոլորս լաւ գիտենք, թէ ինչպիսի՛ ճանապարհէ մը անցաւ տիպար հայ եւ դաշնակցական մարդը կերտելու դպրոց հանդիսացող ԼԵՄ-ը` իր գործունէութեան առաջին իսկ տասնամեակէն, որուն ընթացքին նորաստեղծ այս միութիւնը իր լաւագոյն «շրջանաւարտները» նուիրաբերեց լիբանանահայութեան, ապա` Հայ դատի պայքարին: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը մեծ դերակատար հանդիսացաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի յիսնամեայ երթի ամէնէն նուիրական ու ամէնէն համարձակ զարկերուն ` Պուրճ Համուտի փողոցներէն մինչեւ Լիզպոն եւ ապա` Արցախ, աւելցնելով, որ այս հանգամանքը մեզ կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր մարզի մէջ ըլլալ լաւագոյններէն, առաւել եւս` այսօրուան իրականութեան մէջ, երիտասարդութեան առջեւ բացուած նորարարական բոլոր ձեւերով եւ միջոցներով, ձգտելու արժանի ըլլալ մեր նահատակներու ձգած կտակին:

Հուրի Հալէպլեան թուեց մասնաճիւղի նահատակները` Գէորգ Աշճեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Կարօ Գոլանճեանը, Ժոզեֆ Պիլեզճիկեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, որոնք իրենց գաղափարական դաստիարակութիւնը ստացան հրայրներու եւ սերոբներու, դրոներու եւ նժդեհներու, թեհլիրեաններու եւ շիրակեաններու շունչով, սորվեցան անոնց նուիրուածութենէն, զոհողութենէն եւ այս արժանիքները իւրացուցին ու կատարելագործեցին ժամանակի պահանջներուն համապատասխանելով: Ան հաստատեց, որ անոնք նուիրուեցան աւելի ինքնավստահ, զոհաբերեցին եւ զոհեցին աւելին, եւ այդ անսակարկ նուիրումի շունչն ու ոգին է, որ կանգուն պահեց ԼԵՄ-ը 50 տարիներ: Հալէպլեան ըսաւ, որ այսօր մեր դիմաց բացուող ճակատները շատ են, եւ մենք պարտաւոր ենք նաեւ պատռել եւ յեղաշրջել օտարին կողմէ մեզի պարտադրուող բոլոր դասերն ու դասացուցակները` ծնելով նոր «խենթեր», այսօրուան եւ գալիքին պատրաստ ունակութիւններով, բայց միշտ` անցեալի շունչով, որովհետեւ, ինչպէս Դաշնակցութեան հիմնադրման օրերուն եւ անկէ 83 տարիներ ետք ԼԵՄ-ի հիմնադրման օրերուն, այսօր եւս, 50 տարիներ ետք, աշխարհը կառավարողը միայն ուժն է. բանակցութիւններէն, ստորագրութիւններէն, դաշնագիրներէն եւ համաձայնագիրներէն անդին` ուժը եւ միայն ուժն է, որ կրնայ լուծել մեր ժողովուրդին Դատը` հասնելու համար մեր նահատակ ընկերներուն երազած ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը պատկերացնող տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց մասնաճիւղի նահատակ ընկերներու կենսագրութեան ընթերցում, ապա մենապար` կատարողութեամբ Կայէլ Ապուսէֆեանի:

Օրուան բանախօսն էր ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի նախկին անդամ Րաֆֆի Մեսրոպեան: Ան մարդու մը կեանքի կարեւորագոյն անկիւնադարձային ժամանակաշրջանը համարեց անոր երիտասարդութիւնը, երբ պատանեկութենէ մնացած շատ մը հարցականներ կը ստանան իրենց պատասխանը, եւ կեանքի դրական թէ բացասական իրականութիւնները կը դառնան աւելի յստակ եւ շօշափելի, ինչ որ կը մղէ երիտասարդը` դառնալու ըմբոստ, մերժելու իրեն հրամցուածը եւ ձգտելու ստեղծել իրը: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կարելի է ակնկալել, երբ մարդ իր կեանքի այս փուլին արձանագրուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նման կուսակցութեան մը երիտասարդական միութեան: Յեղափոխութիւնը յեղափոխական ոգի կ՛ուզէ:

«Յեղափոխութիւնը եւ յեղափոխական ոգին է, որ կը հանդիպին ԼԵՄ-ի մէջ, որուն յիսնամեակը կը տօնենք այս օրերուս: Յիսուն տարի, իրերայաջորդ սերունդներ, թէկուզ` տարբեր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ, իրենց երիտասարդական խանդն ու կորովը ի սպաս դրին Դաշնակցութեան ճամբով եւ ԼԵՄ-ի միջոցով ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ անոր Դատին, անոր մշակոյթին, հաւաքական արժանապատուութեան, ապահովութեան, լեզուին եւ եկեղեցիին», հաստատեց Մեսրոպեան` աւելցնելով, որ դիւրին չանցաւ յիսնամեայ ժամանակաշրջանը, երբ ականատես եղանք լաւ թէ վատ օրերու: Ունեցանք երազի համազօր  անկախ Հայաստան, հրաշքի համազօր ազատ Արցախ, սակայն սփիւռքեան պայմաններու մէջ ականատես եղանք Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմին, երբ ստիպուեցանք պաշտպանել հայահոծ շրջանները ընդհանրապէս, եւ հայ մարդն ու ընտանիքը` յատկապէս:

Ր. Մեսրոպեան ըսաւ, որ յաճախ հարց կու տան, թէ ի՞նչ է ԼԵՄ-ի դերակատարութիւնը: «ԼԵՄ-ի դերակատարութիւնը մէկ բան է` իր ղեկավարութենէն մէկ քայլ առջեւ ըլլալ, իսկ ԼԵՄ-ի դիմագիծն է ըլլալ ըմբոստ, բայց յարգալիր, մարտունակ, միեւնոյն ժամանակ` խաղաղասէր, ինքնուրոյն եւ համեստ: Այս իրար հակասող նկարագիրներու մէկտեղումն է ԼԵՄ-ականի դիմագիծը», շեշտեց բանախօսը եւ անդրադառնալով ԼԵՄ-ի գործելադաշտին` ըսաւ, որ անցեալի մեր պատմութեան մէջ, այն ժամանակաշրջանէն, որ հիմնուեցաւ այս կառոյցը, հոն պիտի հանդիպինք ամբողջական պայքարի եւ նուիրումի. 70-ական թուականներէն սկսեալ, որքան ջանք, ճիգ եւ նահատակներ խլեց հակաթուրք պայքարը մեր ԼԵՄ-ականներէն` սկսեալ որմազդներէն, անցնելով քարոզչական ձեռնարկներու, հասնելով զինեալ պայքարի եւ անձնասպանական գործողութեան: Սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ հայը հայ պահելու համար ի՞նչ չըրաւ ԼԵՄ-ը: Հայ դպրոցի ու մշակոյթի ջատագովութենէ մինչեւ հայեցի դիմագիծի պաշտպանութիւն: Հայ երիտասարդը յոռի եւ վատ սովորութիւններէ ու մոլութիւններէ հեռու պահելու համար նախազգուշական շատ մը աշխատանքներ եւ նախաձեռնութիւններ: Իսկ երբ Արցախի պահանջատիրութիւնը սկսաւ, առաջատար ռահվիրան էր ԼԵՄ-ը, որ քալեց մինչեւ նահատակութիւն:

«Ի վերջոյ, ի՞նչ չըրաւ ԼԵՄ-ը ու տակաւին ինչե՜ր ունինք ակնկալելիք ԼԵՄ-էն: Մենք չենք կրնար կռահել, թէ գալիք օրերը ինչպիսի՛ դժուարութիւններ կրնան բերել մեր ազգին ու գաղութին, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ գալիք յիսուն տարիներուն ԼԵՄ-ը մեր կողքին է` որպէս երիտասարդ ուժ, որուն կրնանք ապաւինիլ», հաստատեց Րաֆֆի Մեսրոպեան` յիշատակելով ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անմոռաց նահատակներ Գէորգը, որ իր մարմինով պաշտպանեց Տորայի նախկին «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբը, Կարոն` ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի ապահովութեան պատասխանատուն եւ ճակատագրակիցը, Վաչէն` մեր կատակասէր ու ազնիւ ընկերը, Լիզպոնի «խենթը», ծառայասէր Ժոզեֆը, որ նահատակուեցաւ ծառայութեան ճամբուն վրայ, Մհերը` «Դէպի Երկիր» կարգախօսի առաջատար մարտիկը:

Ապա ասմունքով հանդէս եկաւ Կայէլ Ապուսէֆեան, որմէ ետք Յովիկ ճիւնիոր մեկնաբանեց յեղափոխական երգերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղի նահատակ ընկերներուն նուիրուած նորաստեղծ երգը` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

 

 

Նախորդը

Կեանքը Ազգային Բուժարանին Մէջ

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Վարան Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?