Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Օսքար Ուայլտի «Տորիան Կրէյ» Վէպը

Օգոստոս 25, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Այս տարուան ամառնային մեծարենցեան մշակութային ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ 6 օգոստոս 2023-ին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին բակին մէջ` ներկայութեամբ խումբ մը մշակութասէրներու:

Օրուան դասախօսն էր Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) անգլերէն լեզուի ու գրականութեան դասախօս Նայիրի Պապուճեան-Պուչաքճեան: Ձեռնարկը նուիրուած էր իրլանտացի գրող Օսքար Ուայլտի «The Picture of Dorian Gray» վէպին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարիա Ուստագարայեան-Ղարիպեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօսը` Նայիրի Պապուճեան-Պուչաքճեանը. ան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ  է մագիստրոսի վկայականով, հեղինակ է «The Man In The Mirror» հատորին, ինչպէս նաեւ` շարք մը պատմուածքներու գիրքի: Ան անդամ է Միջազգային հայազգի գրողներու միութեան: Շահած է 3-րդ մրցանակը Օքսֆորտ համալսարանի եւ (IALA) միութեան կազմակերպած արձակ գրութիւններու մրցումին` նիւթ ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Օրուան դասախօսը իր խօսքը սկսաւ` ներկայացնելով Օսքար Ուայլտի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, որ Օսքար Ուայլտ իրլանտացի բանաստեղծ, թատերագիր, վիպագիր, մանուկներու պատմութիւններ գրող է: Ծնած է 1854-ին, Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլին, անոր հայրը բժիշկ էր, իսկ մայրը` բանաստեղծուհի եւ յեղափոխական: Օսքար Ուայլտ իր նախնական ուսումը Տապլինի մէջ ստանալէ ետք կ՛անցնի Անգլիա, Օքսֆորտ համալսարան, 1874-ին:

1880-ական թուականներուն գեղարուեստական գրականութիւնը ցասում եւ յուսահատութիւն կը բերէ  Անգլիոյ գրական շրջանակէն ներս: Օսքար Ուայլտ  ինքզինքը կը հաստատէ իր հանճարով  եւ բոցավառութեամբ: Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը հրաւիրուի դասախօսութիւններ տալու, ուր կը մնայ տարի մը` գովաբանելով գեղագիտութեան հետապնդումը:

1883-ին կ՛ամուսնանայ Քոնսթանս Լլոյտի հետ. անոնք կ՛ունենան երկու մանչ զաւակներ` Սերիլ եւ Վիվիեն: Օսքար Ուայլտ դատապարտուելով որպէս միասեռական` երկու տարի կը բանտարկուի:

Իր միակ վէպը` «The Picture of Dorian Gray» իր գլուխ գործոցը, լոյս կը տեսնէ 1891-ին: Ան հանրութեան կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ անբարոյ գիրք:

Օսքար Ուայլտ գեղագիտական շարժումին հետեւողն էր` «Արուեստը արուեստի սիրոյն» նշանաբանով: Ան կը հաւատայ, որ չկայ բարոյական եւ կամ անբարոյ գիրք: Կան լաւ գրուած գիրքեր, կամ` վատ գրուած գիրքեր եւ վերջ: Ան կը մահանայ 1900-ին, Փարիզ, սնանկութեան մէջ:

Օսքար Ուայլտի «The Picture of Dorian  Gray» վէպի պատմութեան գլխաւոր հերոսները երեքն են` իր գեղեցկութիւնը յաւերժ պահել ուզող երիտասարդ Տորիան Կրէյ, իր ցոփ կեանքին խորհրդատու Լորտ Հենրի, երկուքն ալ` ազնուական դասակարգի պատկանող: Երրորդը Տորիան Կրէյի գեղեցիկ դիմանկարը գծող, գեղանկարիչ  Պեսիլ Հովըրտն է:

Պատմութիւնը կը դառնայ Պեսիլին գծած Տորիան Կրէյի գեղեցիկ դիմանկարին շուրջ: Կրէյ ցոփ կեանք մը կ՛ապրի` պահելով իր երիտասարդութիւնը: Բայց ամէն անգամ որ անբարոյ արարք մը կը գործէ, դիմանկարին վրայ բիծ մը կը գոյանայ: Տարիներու ընթացքին նկարին վրայ բիծերը այնքան կը շատնան, որ նկարը անճանաչելի կը դառնայ: Նկարիչ Պեսիլ, որ մօտիկ բարեկամն էր  Տորիան Կրէյի, միշտ կը  խրատէ Կրէյը,  որ հեռու մնայ ցոփ կեանքէ: Բայց ան մտիկ չ՛ըներ բարեկամին խրատները: Նկարը Կրէյի տան մէկ սենեակին մէջ պահուած էր. օր մը նկարիչ Պեսիլ եւ Տորիան Կրէյ կը մտնեն այդ սենեակը, եւ երբ Պեսիլ կը տեսնէ անճանաչելի դարձած Կրէյի նկարը,  սենեակին մէկ  անկիւնը գտնուող դանակը կ՛առնէ եւ կ՛ուզէ  նկարը փճացնել: Բայց Տորիան արգելք կ՛ըլլայ ու դանակը Պեսիլին ձեռքէն առնելով` Պեսիլը կը սպաննէ:  Քանի մը օր ետք Տորիան Կրէյ բարեկամի մը միջոցով մոխիրի կը վերածէ Պեսիլի դիակը ու զայն նետել կու տայ հոսող գետը: Շաբաթներ անց Տորիան Կրէյ` զղջալով իր արարքին համար, կը բարձրանայ այն սենեակը, ուր պահուած էր նկարը, կը գտնէ դանակը ու կ՛ուզէ ոչնչացնել նկարը: Բայց փոխանակ նկարը ոչնչացնելու` դանակով ինքզինք կը սպաննէ: Բնակարանին սպասաւորները աղաղակներ լսելով` կը բարձրանան նկարին սենեակը, հոն կը գտնեն ծերացած մարմինը Տորիան Կրէյի, իսկ անոր դիմանկարը` իր առաջին օրուան գեղեցիկ վիճակին մէջ: Տորիան Կրէյ կը մահանայ 38 տարեկանին:

Նայիրի Պապուճեան-Պուչաքճեան եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ Օսքար Ուայլտ իր վէպով ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ որքան ալ փորձեն մնալ երիտասարդ ու գեղեցիկ, պիտի կրեն իրենց ապրած կեանքին հետեւանքները:

Հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին` անոր շինիչ ու հետաքրքրական դասախօսութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

Բարեկամութիւն Արհեստական Բանականութեա՞ն Հետ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գոյատեւման Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?