ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 1 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պուրճ Համուտէն սկիզբ առաւ Արցախի դրօշները պարզած բազմաթիւ ինքնաշարժներու երթ` առ ի զօրակցութիւն պաշարուած Արցախի ժողովուրդին եւ առ ի դատապարտանք Ազրպէյճանի վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան:
Երթը անցնելով հայկական թաղամասերէն հասաւ Անթիլիաս` Լիբանանի հանրային կարծիքին իրազեկելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը:
Երթը կանգ առաւ թրքական դեսպանատան առջեւ: Դաշնակցական երիտասարդները վանկարկեցին թրքական-ազրպէյճանական դաշինքը դատապարտող կարգախօսներ: