Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքը Ազգային Բուժարանին Մէջ

September 1, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազունիէի Ազգային բուժարանի աշխատանքներն ու հոն տրուած այցելութիւնները կը շարունակուին:

Կազմակերպութեամբ Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինին (ԱՏՕՄ) շաբաթ, 29 յուլիս 2023-ին տեղի ունեցաւ այցելութիւն-պտոյտ դէպի Ազունիէ եւ Այնճար: Այս պտոյտին նպատակն էր հիւրերը մօտէն ծանօթացնել Ազունիէի Ազգային բուժարանին եւ ձեռնարկին հասոյթը տրամադրել բուժարանի բարեզարդման:

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին 150 հայրենակիցներ մեկնեցան դէպի Ազգային բուժարան, ուր դիմաւորուեցան կեդրոնի տնօրէն` Վահէ Գամպուրեանի կողմէ: Ան զեկոյց մը տուաւ կեդրոնի պատմականին, ներկայ իրավիճակին եւ մօտակայ իրագործելի ծրագիրներուն մասին:

Ապա Մարիա Պագալեան ողջունեց ներկաները` խնամակալութեան անունով, եւ խօսեցաւ կեդրոնին կարեւորութեան, զարգացման ու գոյատեւման մասին: Խումբը շրջագայեցաւ Ազգային բուժարանին կանաչապատ շրջափակը, մտաւ բարեզարդուած մատուռը, ուր վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան աղօթեց, իսկ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան օրհնեց խորանի նոր վարագոյրը: Ներկաները ապրեցան խորհրդաւոր եւ յուսաբեր պահ մը: Խումբը շարունակեց իր պտոյտը դէպի Այնճար, ուր այցելեց Այնճարի ազգագրական թանգարանը եւ Այնճարի «Արթ կալըրի»-ն:

Կէսօրուան յայտագիրը կատարուեցաւ «Արեւ» ճաշարանին մէջ: Խնամակալութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սօսի Փօլատեան: Ան ներկայացուց նորաստեղծ Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամները եւ փոխանցեց, որ բոլորս միասին ձեռք ձեռքի տուած տէր պիտի կանգնինք մեր ազգային բուժարանին: Ապա ողջոյնի խօսք փոխանցեց ԱՏՕՄ-ի ատենապետ Թալին Դաւիթեան-Լախեան, որ ըսաւ. «100-ամեակի մեր առաջին ձեռնարկն է, որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ հայ ազգային բուժարանին` հաւատալով այն առաքելութեան, որ մեզմէ ամէն մէկը կարիքը ունի օգնելու տկարին, անտէրին եւ հիւանդին: Ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ ժողովուրդը մօտեցնել հայ ազգային բուժարանին»:

Ապա աղօթք կատարեցին Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ Այնճարի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Անոնք վեր դասեցին այս ազգանուէր գործը, զայն կոչելով առաքելութիւն: Ապա օրհնեցին ներկաները ու յաջողութիւն մաղթեցին ԱՏՕՄ-ին:

Շատ խանդավառ մթնոլորտ տիրեց ճաշարանին մէջ: Յայտագիրը ճոխացուց Սեւան Կարապետեան` հայերէն երգերով:

Տեղի ունեցան խաղեր, անակնկալներ, վիճակահանութիւն, ու տիրեց ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ: Բոլորը նոյն նպատակին համար եկած էին` նեցուկ կանգնելու մեր ազգային բուժարանին, որ 100 տարուան կեանք ունի եւ պիտի գոյատեւէ այնքան ատեն որ իր ետին կան հովանաւորող համայնքներ, խնամակալութիւն, օժանդակ մարմին եւ բարերարներ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին խումբը վերադարձաւ Պէյրութ` գոհունակ սրտով ու դրական տեսլականով, որ անտէր չեն մեր տարեցներն ու հիւանդ պարագաները, այլ` պարուրուած գուրգուրանքով, մասնագիտական խնամքով, սիրով ու յարգանքով:

* * *

Յուլիս ամսուան ընթացքին կեդրոն այցելեց «Հոթել Տիէօ» հիւանդանոցէն պատուիրակութիւն մը` ուսումնասիրութիւն մը կատարելու գործակցութեան կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակով:

13 յուլիս 2023-ին «Ճինիշեան» հաստատութեան ամառնային ճամբարի պարմանուհիներ,  ընկերակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Քրիստին Սարգիսեանի եւ իրենց պատասխանատուներուն, այցելեցին բուժարան եւ  պատսպարեալներուն, հրամցուցին օշարակ, կարկանդակ եւ պանան:

Կիրակի, 16 յուլիս 2023-ին Խըտըրլարեան ընտանիքը այցելեց բուժարան եւ նուիրեց 300 ամերիկեան տոլար:

19 յուլիս 2023-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած պտոյտին մասնակիցները այցելեցին բուժարան եւ պատսպարեալներուն հրամցուցին պրիոշ` ստեղծելով ուրախ մթնոլորտ, եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին:

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԱԶՈՒՆԻԷԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Արցախը Պայքարում Է, Արցախը Յառնելու Է

Յաջորդը

«Յիշենք Մեր Նահատակները` «Րաֆֆի»-ի «Խենթերը» Խորագիրով Ձեռնարկ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.