Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Ապրիլ 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյծ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի արուեստագէտներ Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան` ընկերակցութեամբ «Տը պոյինկ օրքեսթրա»-ին եւ ներկայութեամբ աւելի քան 350 հայորդիներու, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու:

Ճաշկերոյթին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ այսօրուան հաւաքը ինքնանպատակ չէ, այլ, հայ մշակոյթը տարածելու կողքին, նաեւ կը միտի ճաշկերոյթի նիւթական եկամուտով Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին նեցուկ կանգնիլ` յաղթահարելու տնտեսական տագնապները: Հարպոյեան շեշտեց, որ Համազգայինը հաւատարիմ է իր առաքելութեան, եւ այս ճաշկերոյթը միութեան բազմաճիւղ եւ բազմատեսակ գործունէութեան մէկ օղակն է, ուր հայ ժողովրդային-ազգագրական երգը էական ներկայութիւն է: Ան ըսաւ, որ Գեղարուեստի դպրոցներու 840 աշակերտները յոյս կը ներշնչեն` երիտասարդականացնելու միութեան շարքերը եւ շարունակելու մշակոյթի ու ազգային ժառանգութեան պահպանման կարեւորագոյն առաքելութիւնը:

29 մարտէն 3 ապրիլ Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան, ինչպէս նաեւ «Տը պոյինկ օրքեսթրա»-ին անդամները, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու ներկայացուցիչներուն, շրջեցան լիբանանահայութեան կառոյցներ` մօտէն ծանօթանալու գաղութի աշխատանքներուն ու առօրեային:

* Ուրբաթ, 29 մարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ուր ծանօթացան` կառոյցին, թանգարանին, Պիքֆայայի ապրիլեան յուշակոթողին եւ եկեղեցւոյ: Այս առիթով դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան տուաւ համապատասխան տեղեկութիւններ: Հիւրերը նաեւ հանդիպում մը ունեցան դպրեվանքի աշակերտներուն հետ, որոնք ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, որուն երգեցողութեամբ միացան Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան: Աւարտին հայր սուրբը յիշատակի նուէրներ յանձնեց հիւրերուն:

Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր ծանօթացաւ կառոյցին եւ հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան հետ:

* Կիրակի, 30 մարտին Համազգայինի հիւրերը մեկնեցան Զմմառու վանք, ուր ծանօթացան դպրեվանքին, թանգարանին, եկեղեցւոյ եւ գինեգործարանին: Դպրեվանքի փոխտեսուչ Պետրոս վրդ. Մարաշեան ներկայացուց դպրեվանքին պատմութիւնն ու բաժանմունքը:

* Երկուշաբթի, 1 ապրիլին պատուիրակութիւնը այցելեց «ԳՈՀԱՐ» գրադարան, որուն պատասխանատուն` Կարօ Տէրունեան, ներկաներուն ներկայացուց գրադարանի երգարաններու, բառարաններու եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու մասին տեղեկութիւններ: Հիւրերը նաեւ առիթ ունեցան հանդիպելու Յարութ Խաչատուրեանին հետ, որուն նախաձեռնութեամբ 7 յունիս 2012-ին ստեղծուած էր «Գոհար» գրադարանը: Նոյն օրը, գիշերը «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի փորձին ներկայ գտնուեցաւ պատուիրակութիւնը, որուն նուագակացութեամբ պարախումբը ունեցաւ պարային կատարում:

* Երեքշաբթի, 2 ապրիլին հիւրերը նաեւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անդամներուն ընկերակցութեամբ Այնճարի մէջ ծանօթացան Այնճարի բերդին, Մուսա Լեռ-Այնճարի հերոսամարտի  ազգագրական թանգարանին եւ Այնճարի արուեստի ցուցասրահին: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ս. Պօղոս եկեղեցի:

* Չորեքշաբթի, 3 ապրիլին պատուիրակութիւնը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, ուր թանգարանի քարտուղար Նարէ Սաղտըճեան տուաւ համապատասխան տեղեկութիւններ: Ապա ներկաները այցելեցին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ. Ա. կաթողիկոսին: Վեհափառը մեծապէս գնահատեց արուեստագէտներուն ներդրումը ժառանգութեան պահպանման մէջ եւ այս առիթով Համազգայինին նուիրեց արժէքաւոր երգարաններ: Նշեալ հանդիպումին Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան երգեցին շարք մը երգեր:

Յայտնենք, որ պատուիրակութիւնը հիւրընկալեցին` «Ճաշարան Արեւ», «Փուռ Իշխանեան», «Փուռ Ղազար», «Կոմիտաս» մասնաճիւղ, Գօգօ եւ Մարալ Եսայեան ամոլը, Սեմ Պալճեանը, Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեան ամոլը, «ԳՈՀԱՐ»-ի Խաչատուրեան ընտանիքը, կաթողիկոսարանի դպրեվանքը եւ Վրէժ Սապունճեան:

Հայրենի պատուիրակութեան այս այցելութիւնները ծանօթացման հասկացողութենէն անդին` նպաստեցին, որ լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ քննարկուին հայ մշակոյթը յուզող խնդիրներ եւ համագործակցութեան կարելիութիւններ: Հանդիպումները նաեւ առիթ հանդիսացան շեշտելու կարեւորութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման:

Նախորդը

Մեծ Խանդավառութեամբ Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Միջդպրոցական Նկարչական Մրցանքը Եւ Մրցանակաբաշխութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?