Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունն ու Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղը Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի եւ «100 բանաստեղծութիւն» հատորի լոյս ընծայման առիթով 21-27 մարտին Լիբանանի մէջ հիւրընկալեցին Պարոյր Սեւակի թոռը եւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեանն ու հայրենի տաղանդաշատ եւ վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերասան Դաւիթ Յակոբեանը: Անոնք մասնակից դարձան յոբելենական հանդիսութիւններուն, շնորհահանդէսներուն, այցելեցին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, հայկական հաստատութիւններ եւ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններ:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին լոյս տեսած «100 բանաստեղծութիւն» հատորը այս առիթով նուէր տրամադրուեցաւ հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգի աշակերտութեան: Այս աշխատանքը իրականացաւ համագործակցութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու խնամակալ մարմիններուն, եւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական հատորները մեծ քանակով մուտք գործեցին հայկական օճախներ:
Սեւակ Ղազարեան եւ Դաւիթ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի, շրջագայեցան հայկական վարժարաններ, յաջորդաբար այցելելով` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Հայ աւետարանական վարժարան¬Այնճար, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան: Գիրքերու բաշխումին ծիրէն ներս հրատարակչատան հետ գործակցեցան նաեւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանն ու Սահակեան եւ Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճը:
Այս առիթով վարժարաններու աշակերտութիւնը ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր, իսկ Դաւիթ Յակոբեան աշակերտութիւնը հրապուրեց` ներկայացնելով Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը: Աւարտին Սեւակ Ղազարեան աշակերտութեան յղեց իր պատգամը:
Ակներեւ էին աշակերտութեան ապրած խանդավառութիւնը եւ պատրաստած գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրները: Սեւակի շունչն ու ոգին տիրապետող էր, եւ անոր բանաստեղծութեան հանրամատչելիութիւնը ակնյայտ էր աշակերտութեան մօտ:
Այս այցելութիւններուն ընթացքին տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն ճամբով Սեւակ Ղազարեան եւ Դաւիթ Յակոբեան մօտէն ծանօթացան հայկական վարժարաններու կրթական համակարգին եւ ընդհանուր գործունէութեան:
Սեւակ Ղազարեան եւ իր կինը` Մանան Ղազարեան, որ միաժամանակ բանասէր եւ մանկավարժ է, մեծապէս գնահատեցին լիբանանահայ վարժարաններու կրթական ծրագիրները եւ հայեցի ուսուման նկատմամբ ցուցաբերած նախաձախնդիր մօտեցումը:
Տնօրէնութիւնները, իրենց կարգին, իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին հայրենի հիւրերու այցելութեան եւ ընդհանրապէս 100-ամեակի հանդիսութեանց հետ առնչուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն համար:
Յայտնենք, որ վարժարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ արտասանական առցանց մրցանքին, որ աշակերտութեան եւ ժողովուրդին մէջ ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն: Այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ նաեւ վարժարաններու տնօրէնութիւններն ու ուսուցիչները ցուցաբերեցին ամբողջական համագործակցութիւն: