Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Ապրիլ 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն պատահեցան ոճրային այնպիսի արարքներ, որոնք առաւել եւս շեշտեցին քաղաքացիներու մտահոգութիւնը եւ որոնց ընթացքին արձանագրուեցան անմեղ զոհեր` տեղի տալով տարբեր հակազդեցութիւններու:

Այս ծիրին մէջ խումբ մը երիտասարդներ Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ երիտասարդութեան անունով դիմեցին խափանարարական արարքներու` շրջելով Պուրճ  Համուտի թաղամասերուն մէջ, սաստելով եւ սպառնալով: Նմանապէս, ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան հրահրիչ արտայայտութիւններ, միտելով  անհիմն զրպարտութիւններ ուղղել լիբանանցիներու եւ սուրիացիներու, եւ այս բոլորը` յաւակնելով ներկայացնել այն շրջանը, որուն իրաւասու հեղինակութիւնները ծանօթ են բոլորին:

Առ այդ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը յստակացնէ հետեւեալը.-

Առաջին.- Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը խորապէս ցնցուած է պատահած ոճրային արարքներէն ու իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն, միաժամանակ զօրակցելով  յանցագործներու քողազերծման ու անոնց դէմ պատշաճ պատժամիջոցներու տնօրինման պահանջներուն:

Երկրորդ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր օրինական իրաւարարութիւններու սահմաններուն ծիրին մէջ ձեռնարկեց սերտ ճիգերու` շրջանի սեփականատէրերը մղելով ապահովելու վարձակալութեան առնչուող օրինական հաստատագիրները, ստուգելէ ետք պատկան վարձուորներու կեցութեան օրինական կարգավիճակի փաստաթուղթերը:

Երրորդ.- Օտարահպատակներու եւ սուրիացիներու Լիբանան մուտքը, աշխատանքը եւ կեցութեան կազմակերպումը կ՛իյնայ լիբանանեան պետական պաշտօնական մարմիններուն, յատկապէս` Ընդհանուր ապահովութեան եւ առնչակից պատկան նախարարութեանց լիազօրութեանց սահմաններուն մէջ: Այս կացութիւնը կը դասաւորուի օրինական յօդուածներու տրամադրութիւններով եւ ոչ ոք իրաւունք ունի յաւակնելու կամ օգտագործելու պետութեան հանգամանքը կամ շրջանցելու օրէնքներն ու կանոնները:

Չորրորդ.- Անկասկած վերջին տարիներուն որոշ թոյլտուութիւն եւ բարեացակամութիւն նկատուեցաւ ընդհանրապէս օտարահպատակներու եւ յատկապէս սուրիացիներու օրինական հաստատագիրներու ստուգման գծով: Սակայն այս երեւոյթը միայն Պուրճ Համուտի մէջ չէր սահմանափակուած, այլ` տիրական էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ առանց բացառութեան: Այսուհանդերձ այդ երեւոյթը կ՛առաջադրէր պատասխանատու պատկան մարմիններու աշխատանքի աշխուժացումը եւ չ՛արդարացներ օրէնքներու շրջանցումը եւ նման սպառնալիքներու թէ օրինազանցութեանց կատարումը:

Հինգերորդ.- Պուրճ Համուտ ընդհանրապէս ծանօթ է իբրեւ Լիբանանի մէկ մանրանկարը իր այլազանութեամբ եւ համակեցութեամբ, որ երկիրը դասած է իբրեւ մարդկութեան ուղղուած պատգամ, առաքելութիւն: Անիկա իր այս վարկը պահեց Լիբանանը հարուածած դառնագոյն տագնապներու ընթացքին եւս: Առ այդ, կը դատապարտենք կարգ մը պատեհապաշտներու հրահրած ցեղային ու համայնքային զգայնութիւնները` թիրախ դարձնելով անմեղ մարդիկ անոնց քաղաքացիութեան, դաւանական թէ կրօնական պատկանելիութեան հիման վրայ:

Վեցերորդ.- Պաշտօնական, յատկապէս` ապահովական ու դատական մարմիններէն կը պահանջենք անմիջապէս եւ վճռականօրէն շարժիլ եւ վերջ դնել իշխանութեանց լիազօրութիւններու տիրացման, օրէնքներու անտեսման եւ շրջանցումին, մարդկային ու սահմանադրական իրաւունքներու ոտնակոխման, համայնքային երկպառակութեանց հրահրման ու գրգռման կողքին:

Վերջապէս,

Կը կրկնենք ոճրային արարքներու մեր դատապարտումը, զոհերու ընտանեկան պարագաներուն մեր ցաւակցութիւնները եւ ամբողջական զօրակցութիւն կ՛արտայայտենք իրաւունքի ու արդարութեան հաստատման գծով:

Ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղենք բնակիչներուն եւ շրջանին մէջ կեցութիւն հաստատած օտարահպատակներուն, խնդրելով խուսափիլ հակադարձելէ խափանարար ու երկպառակիչ արարքներու, որոնք թիրախ ունին անմեղներն ու ապահով վայրերը:

Կը վերահաստատենք պատկան ապահովական թէ դատական իշխանութիւններու բացարձակ իրաւասութիւնը` անմիջապէս միջամտելու եւ սանձելու կացութիւնը, նախքան անոր ընդհանրացումը:

Ինչպէս նաեւ կը հաստատենք մեր անզիջող վճռականութիւնը, կիրարկելու մեր օրինական պարտականութիւնը` պահպանելու մեր շրջանին անդորրութիւնն ու ընտանիքներուն ապահովութիւնը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՓՈԽՔԱՂԱՔԱՊԵՏ`
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

11 ապրիլ 2024

 

 

Նախորդը

Իսլամական Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Ուղղակի Յարձակում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Իշխանի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Բարերար Երջօ Սամուէլեանը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?