Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Խանդավառութեամբ Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Միջդպրոցական Նկարչական Մրցանքը Եւ Մրցանակաբաշխութիւնը

Ապրիլ 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, շաբաթ, 6 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի աւանդութիւն դարձած միջդպրոցական նկարչական մրցանքը, որուն 12 վարժարաններէ մասնակցող աշակերտները ընտրեցին առաջարկուած երեք  նիւթերէն մէկը:

Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Արշիլ Կորքի անունով ծանօթ եւ «Նկարիչը եւ Մայրը» հռչակաւոր գործի հեղինակ՝ 20-րդ դարու հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Ոստանիկ Ադոյեանի մահուան 120-ամեակին։

Աշակերտներու գծագրութիւններու արժեւորումը կատարեց դատական կազմը, որուն անդամներն էին արուեստագէտներ Ժագլին Օհանեան, Ժանէթ Յակոբեան, Գէորգ Ուլաշեան եւ Թոմ Եանկ։

Ժամը 1։00-ին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան ներկայացուցիչները, վարժարաններու տնօրէններ եւ կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։ Այս առիթով, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի վարիչ Թալին Մոսիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարաժարաններու տնօրէններուն գործակցութեան եւ աջակցութեան համար։ Մոսիկեան շեշտեց, որ նմանօրինակ մրցանքներ կարեւոր են, որովհետեւ կերպարուեստի նկատմամբ կը ստեղծեն խանդավառ ու քաջալերական մթնոլորտ։ Ապա դատական կազմի նախագահ արուեստագէտ Ժագլին Օհանեան ներկայացուց Արշիլ Կորքիին արժէքը եւ ցուցադրեց գեղանկարիչին գործերը։ Օհանեան նշեց, որ գնահատելի էր բոլոր աշակերտներուն մասնակցութիւնը, որովհետեւ բոլորն ալ ցուցաբերած էին համապատասխան լրջութիւն եւ իրենց կարելին կատարած էին։

Նկարչական մրցանքին մասնակցող 12 վարժարաններն են Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային միացեալ վարժարան, Ազգային «Յառաջ-Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարան,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ս․ Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարաան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Համազայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ։

Մրցանակակիրներն են

Ա. խմբակ (5-8 տարեկան)
Առաջին՝ Լիմ Գասարճեան (Ազգային «Յառաջ-Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարան)
Երկորդ՝ Մարք Ճինճուլֆայեան (Ազգային միացեալ վարժարան)
Երրորդ՝ Սէրլի Գարատաղլեան (Ս․ Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան)

Բ. Խմբակ (9-12 տարեկան)
Առաջին՝ Անտրու Տմլաքեան (Ազգային «Յառաջ-Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարան)
Երկրորդ՝ Կալի Ադամեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ)
Երրորդ Ալիք Տարագճեան (Վահան Թէքէեան վարժարան)

Գ. Խմբակ՝ 13-16 տարեկան
Առաջին՝ Լոռի Ճապրայեան (Ազգային «Յառաջ-Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարան)
Երկրորդ՝ Գարմէն Եագուպ (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)
Երրորդ՝ Գարլա Ռուպէլեան (Ս․ Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան)

Երեք խմբակներու առաջին հանդիսացած աշակերտները Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի ճամբով ստացան հայրենի արուեստագէտներ Սարգիս Աբրահամեանի, Մարտիրոս Միրաքեանի եւ Ռուզան Առաքելեանի արուեստի գործեր։ Երկրոդ հանդիսացողները ստացան վաստակաշատ քանդակագործ Զաւէն Խտշեանի ստեղծագործական երթը ամփոփող հաստակազմ հատորը, իսկ երրորդները՝ վաստաշատ նկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի ստեղծագործական երթը ներկայացնող երկու հատորները։ Բոլոր մասնակցողները՝ հաստատագիրներ եւ «XYZ» հաստատութենէն նկարչական պիտոյքներ։

Նախորդը

Ակնարկ. Ապագայ Լրագրողներէն Ներկայ Աշխատակիցներ

Յաջորդը

Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?