Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի Անուան Պետական Դրամատիկական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Ապրիլ 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2024-ին, Լիբանան կը ժամանէ Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը, որ պիտի ներկայացնէ Ռ. Կալինոսքիի «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Վահան Խաչատրեանի, հինգշաբթի, 18 եւ ուրբաթ, 19 ապրիլին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան (մինչեւ 1989` Մ. Գորկիի անուան) պետական դրամատիկական թատրոնը իր գործունէութեան 88 տարիներուն ընթացքին ներկայացուցած է շուրջ 500 թատերախաղեր: Անոնք հայկական դասական եւ ժամանակակից, ինչպէս նաեւ համաշխարհային նշանաւոր թատերագիրներու գործերն են: Մշակոյթի այս օճախը Արցախի մէջ մեծ առաքելութիւն կատարած է հայերու ազգապահպանութեան եւ գեղարուեստական գործին մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր սնունդ պարգեւած է Պաքուի մէջ ապրող հայութեան:

1932 թուականին Պաքուէն Ստեփանակերտ գործուղուած է նշանաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Կարօ Ալվարեանը` հայկական պետական դրամատիկական թատրոնը հիմնելու նպատակով:

Թատրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին հասունցած է եւ դարձած ԼՂԻՄ-ի եւ հարեւան հանրապետութիւններուն մէջ ճանչցուած ու սիրուած մշակոյթի կառոյցներէն մէկը:

1952-ին բացուած է Ստեփանակերտի թատրոնի նոր շէնքը, որ մեծապէս նպաստած է թատրոնի մեծ վերելքին` իր թարմացուած եւ արդիականացած գործիքներով ու բաժիններով:

«Հրէշը լուսնի վրայ» ներկայացումը երկու հայերու մասին է, որոնք բախտի բերմամբ կը փրկուին 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն եւ կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ, սակայն անցեալի ստուերները զանոնք հանգիստ չեն ձգեր եւ կը հետապնդեն նոյնիսկ ովկիանոսէն միւս կողմ: Կան պատմութիւններ, որոնք պէտք է յիշել, իսկ մեր պատմութիւնը առաւել եւս: Այս թատերախաղը առիթ մըն է վերյիշելու մեր պատմութիւնը, մեր ցաւը, մեր ապրելու գինը:

ՋԱՀ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»` «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան Կատարած Ոճիրները

Յաջորդը

Ոչ – Ուղղափառ Միտքեր

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?